ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Լոնտոնի ամէնէն աղքատ թաղամասերէն մէկուն մէջ, սեւամորթ քաղաքացի աշխատաւորի մը սպանութիւնը, ոստիկանութեան գնդակով ծնունդ տուաւ ամբողջ չորս օրեր տեւած սոցիալական պայթումի, որուն ալիքը տարածուեցաւ Անգլիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ: Օգոստոսի երկրորդ շաբթուան ընթացքին ծայր առած այս բռնկումը անակնկալ մը եղաւ երկրի քաղաքական ղեկավարութեան համար, որ, վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնին նման, ամառնային արձակուրդները կը վայելէր:
Նման սոցիալական պայթում երկրին մէջ տեղի ունեցած էր ութսունական թուականներուն, Մարկրէթ Թաչըրի նախաձեռնած տնտեսութեան ազատականացման քաղաքականութեան գործադրման սկզբնաւորութեան: Անդրատլանտեան իր հոգեղբօր Ռոնըլտ Ռեկընի հետ միասին, «Պահպանողական յեղափոխութեան» համաշխարհային խաչակրութեան լծուած Լէյտին՝ պատերազմ յայտարարեց Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք, եւրոպական հասարակութեան ամբողջ երեք տասնամեակ բարօրութիւն ապահոված Բարեխնման Պետութեան դէմ, աշխատաւորական արհմիութիւններուն մէջքը կոտրեց, որպէսզի անգամ մըն ալ իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան համար գործադուլի չդիմեն, եւ ուղի հարթեց, որ ազատ շուկայի իմաստութիւնը այնքան ընդունելի դառնայ հասարակութեան կողմէ, որ նոյնիսկ մոռցուի որ Քէյնզը այդ երկրին մէջ ծնած է:
Օրին սոցիալական այդ պայթումը նորազատական սոփեստները կրնային բանաձեւել որպէս քաղցկեղի բուժման գործողութեան անխուսափելի ցաւ: Չէ՞ որ շուկան անհրաժեշտ կը դարձնէր «ստեղծագործ քանդում»ի հանգրուան մը, որպէսզի զարգացումը նոր թափ առնէ: Թէ այդ հանգրուանին ոմանց գնման կարողութիւնը պիտի նուազի, ուրիշներ աղքատութեան գիրկը պիտի իյնան, ոմանք ալ հազիւ պիտի վերապրին՝ այդ բոլորը ժամանակաւոր է, որովհետեւ անգամ մը որ սեփական ձեռնարկութիւնը ազատագրուի պետութեան կաշկանդումներէն եւ ազատ մրցակցութեան օրէնքով տնտեսութիւնը վերաշխուժանայ, ստեղծուած հարստութիւնը, ներդրումային ճամբով, աշխատանք պիտի ապահովէ բոլորին:
Անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին, այս քաղաքականութիւնը անշեղօրէն գործադրուեցաւ եւ հազիւ թէ գտնուէր մէկը որ կարենար հարցականի տակ դնել յաւելեալ ազատականացման, պետական նպաստներու յաւելեալ կրճատման, յաւելեալ սեփականաշնորհման պետական որոշումները: Այդ համոզումով, ամբողջ տասնամեակ մը իշխանութեան վրայ մնաց Նիու Լէյպըրի հրաշք-մանուկ Թոնի Պլէյրը եւ երբ Թորիները վերադարձան իշխանութեան, արդէն միջազգային ֆինանսական ճգնաժամի ոլորտին մէջ, Քամերոն չտատամսեցաւ աւելի կտրուկ ըլլալ սոցիալական մնացեալ ամէն ձեւի յայտագիրներու պիւտճէական նուազեցման որոշումին մէջ, ներառելով յատկապէս կրթութեան մարզը:
Անգլիոյ մեծ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած սոցիալական պայթումը անակնկալ էր միայն հաւկուրութեամբ տառապողներուն համար: Անոնք որոնք չէին ուզեր տեսնել երեսուն տարիներու ազատ շուկայական տոքմաթիզմի (վարդապետական մօտեցում-Խմբ.) ստեղծած ընկերային ահաւոր բեւեռացումը եւ հանրային առօրեային մէջ աղքատութեան ընթացիկ տեսարանները, ինչպէս օրինակ՝ տեղափոխութեան համար տոմս մուրացող ուսանողները, որոնք, ենթադրաբար, գոնէ միջին-ցած խաւը պիտի կազմէին …այսինքն նման կարիք պէտք չէ ունենային: Աւելի՛ն, սոցիալական պայթումի այդ չորս օրերու ընթացքին վաճառատուներու թալանման մասնակիցներու շարքին էին նոյնիսկ միջին խաւի քաղաքացիներ, անոնք որոնք վստահաբար չէին հաճոյանար այն ստահակներուն նման, որոնք բարբարոսական արարքներու դիմեցին եւ կարծես առիթը պատեհ համարեցին վերցնելու սպառողական ապրանքներ, որոնց գնումը հետզհետէ աւելի կը դժուարանար իրենց նուազող աշխատավարձքերուն համար:
Ոեւէ հասարակ ականատես տրամաբանականօրէն կապ մը կը տեսնէ սոցիալական պիւտճէի սահմանափակումներուն եւ նման զանգուածային պայթումի միջեւ, առանց նոյնիսկ տեղեակ ըլլալու տարբեր մասնագէտներու եւ ուսումնասիրական հաստատութիւններու այս մասին գիտական փաստարկումներ բերող աշխատութիւններուն: Քամերոնի կառավարութիւնը, սակայն, նման վերլուծում բացառեց: Անտեսելով հանրածանօթ ոճրաբաններու բոլոր կարծիքները, որոնք կը զգուշացնէին պատահածը վերագրելու միայն երիտասարդ յանցագործական խմբակներու, ոստիկանական ու արդարադատական համակարգը գործի լծուեցաւ հետեւելով գործադիր իշխանութեան ցուցմունքներուն՝ «կարծր ձեռք»ով հակազդելու անկարգութիւններուն: Երկու հազար ութ հարիւրէ աւելի ձերբակալուածներ, անոնց մեծամասնութիւնը պատանի եւ երիտասարդ, որոնցմէ գրեթէ հազար եօթ հարիւրը քանի մը օրերու ընթացքին իրերայաջորդ դատավարութիւններու ընթացքին, ստացան ազատազրկման ծանրագոյն պատիժները, որպէսզի «օրինակ» ըլլան:
Աւելի՛ն, կառավարութիւնը դիմեց Միացեալ Նահանգներէն Ուիլեըմ Պրաթթոնին, որ ընդունեց վարչապետ Քամերոնին խորհրդականը ըլլալ՝ երկրին մէջ կարգ-կանոնի վերահաստատման հարցով: Պրաթթոն հանրածանօթ է որպէս Նիւ Եորքի, Պոսթոնի եւ Լոս Անճելըսի մէջ «Զէրօ Հանդուրժողականութիւն» հանրային անվտանգութեան քաղաքականութիւնը գործադրող ոստիկանապետ: Այդ քաղաքականութիւնը նշեալ քաղաքներուն մէջ, ոճիրի թուաքանակը նուազեցուցած ըլլալու համբաւը կը վայելէ: Ինչ որ հազիւ թէ կը նշուի անոր միւս երեսն է. բանտերուն մէջ իրենց երիտասարդ տարիները մաշեցնող ընդհանրապէս աղքատ խաւի եւ ոչ-սպիտակամորթերու ամբողջ բանակ մը, որ ինքնին առանձին սոցիալական հարցի արդէն վերածուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Վարչապետ Քամերոն «բարոյական անկում» որակեց անգլիական մեծ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցածը: Վստահաբար անբարոյութիւն էր լայնամասշտապ այն վայրագութիւնը, որ ողբերգական միջադէպերէ զուրկ չէ, ինչպէս հրդեհ մը մարելու աշխատանքին կամաւոր կերպով լծուած թոշակառու քաղաքացիի մը մահացու խոշտանգումը պատանի յանցագործի մը կողմէ: Բայց բարոյական անկում է նաեւ ոչ միայն կառչած մնալ սոցիալական լայնատարած թշուառութեան ու եկամուտներու սուր բեւեռացման տանող տնտեսական քաղաքականութեան եւ անոր ամէն գնով պահպանման համար խստացնել քրէական օրէնքները որոնց ծանր գինը միշտ հասարակութեան ընչազուրկ խաւն է որ կը վճառէ: Որովհետեւ՝ սոցիալական պայթումներու «բարոյական անկում»ին որպէս թէ արգելք հանդիսանալու կոչուած քրէական օրէնքներու խստացման մետալին միւս երեսը՝ ազատ շուկայական օրէնքներով կեղեքման շարունակութեան ապահովումն է: Եւ եթէ մէկ կողմէ ընչազուրկ խաւն է, որ հետզհետէ աւելի պիտի տուժէ խիստ օրէնքներէն կամ ալ ակռաները սեղմէ եւ համակերպի իր թշուառութեան, ազատ շուկայի օրէնքներէն օգտուողները աւելի ու աւելի համարձակ պիտի ըլլան դրամատիրական կեղեքումը ամենայն անպատժելիութեամբ շարունակելու համար:
Ազատ շուկայական տոկմայի հետեւորդները կ՛ուզեն հաւատացնել, որ նման տնտեսական համակարգ հարազատ է ժողովրդավարութեան, կամ, միեւնոյն տրամաբանութեան հետեւելով, ժողովրդավարութիւնը կրնայ զարգանալ միայն ազատ շուկայական տնտեսութեան պայմաններուն մէջ: Եթէ տեսականօրէն ճիշդ է, որ ի տարբերութիւն մարքսեան այն համոզումին, որ մարդ արարածի ու հասարակութեան օտարման պատճառը սեփականատիրութիւնն է, ազատ ձեռնարկութիւնն է որ ամենէն աւելի կ՛ապահովէ բարգաւաճումը եւ տնտեսութեան պետականացումը՝ ընդհանրապէս դուռ կը բանայ ամէն տեսակի այլանդակման ու իշխանութեան չարաշահումներու, միեւնոյն ժամանակ սակայն անցնող երեք տասնամեակներուն համաշխարհային մասշտապով տիրապետող դրամատիրութեան նէօլիպերալ բնորդին այսօրուան ճգնաժամը կու գայ փաստելու թէ՝ առանց հասարակական վերահսկողութեան եւ հանրային սեփականութեան տէր կանգնող պետական համակարգի շուկան համազօր է անտառի օրէնքին, ուր հզօրին բռնութիւնն է որ կ՛իշխէ:
2008ի ֆինանսական ճգնաժամը եկաւ փաստելու որ սոցիալական պայթումները զարգացող երկիրներու հասարակութիւններու մենաշնորհը չեն միայն, իսկ տնտեսական փլուզումները չեն պատահիր միայն անոնց, որոնք իբր թէ չեն կրնար լաւ հասկնալ ազատ շուկայական համակարգի իմաստութիւնը կամ չեն տիրապետեր այն գործադրելու արհեստագիտութեան: Օրին նէօլիպերալականութեան տիպար աշակերտ համարուող Իսլանտայի տնտեսական փլուզումին յաջորդեցին եւրոպական հարաւի ու ծայրամասերու երկիրները՝ Իրլանտա, Յունաստան, Սպանիա, Փորթուկալ: Անգլիական սեւ հիումըրը, կամ կայսերական ամբարտաւանութիւնը, այդ երկիրները յորջորջեց ՓԻԿՍ -«խոզեր»- հետեւելով անոնց անուններու սկզբնատառերու կամայական մէկտեղման: Անգլիական քաղաքաներու մէջ, սոցիալական պայթումը եկաւ ցոյց տալու թէ որքան ընդհանրական է կացութիւնը: Տակաւի՛ն. հարկ է հարց տալ թէ ինչո՞ւ Իսլանտա սոցիալական պայթումէ զերծ մնաց, մինչ անգլիական հասարակութիւնը կ՛ապրէր Քամերոնի բառերով «բարոյական անկում» մը: Սպանիոյ մէջ ծայր առած ցասման շարժման օրերուն, երկրին մէջ սոցիալ-դեմոկրատ հակուածութիւն ունեցող ամենատարածուն Էլ «Փաիս» օրաթերթը խմբագրականով մը երկրի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ բողոքող երիտասարդներուն կը զգուշացնէր չիյնալ Յունաստանի մէջ բողոքի շարժումէն ծնունդ առած վայրագութեան թակարդին մէջ: Այլ խօսքով՝ բողոքը ժողովրդավարական իրաւունք է, սակայն միայն ընտրութիւնները կրնան որոշել թէ ճիշդ ի՛նչ է հասարակութեան ուզածը: Տրամաբանութիւնը իր պարզութեան մէջ ըմբռնելի է, բացի եթէ մէկը հարցականի տակ դնէ նէօլիպերալական պայմաններու մէջ քուէի ուժին կարողութիւնը, որեւէ խորքային փոփոխութիւն առաջացնելու: Հետեւաբար, եթէ զարգացած ժողովրդավարութեան օրինակելի երկիրներէն Անգլիոյ մէջ սոցիալական պայթումը իրականութիւն է, հարկ է հարց տալ եթէ սոցիալական պայթումը ինքնին բարացուցական չէ քուէի ուժին հանդէպ վստահութեան խախտումին:
Ի դէպ, իսլանտացիները ժողովրդային կամքի ու հաւաքական գիտակցութեան այլ փաստ մը կու տան փաստելով, թէ քուէի ուժը միայն ընտրութիւններով չէ որ կ՛արտայայտուի: Երկրի ֆինանսական համակարգի փլուզումէն ետք, Եւրոպական Միութեան թէ Միջազգային Դրամական Ֆոնտի հետեւողական պահանջներն են որ երկիրը իր պարտքը վճարէ այն դրամատուներուն, որոնք ներդրում կատարած են: Այդ պարտքը վճարելու համար կառավարութիւնը պարտի կամ հարկերը աւելցնել, ինչ որ ազատ շուկայականութեան ոգիին դէմ է, կամ ալ պետական պիւտճէն կրճատել հոն ուր ամէնէն առաջ մկրատը կը հասնի, այսինքն՝ սոցիալական ծրագիրներուն: Իսլանտայի ժողովուրդը սակայն մինչեւ հիմա շնորհիւ հասարակական զօրաշարժին թոյլ չի տար, որ որեւէ կառավարութիւն այդ քայլին դիմէ եւ շարքային քաղաքացիի բարօրութեան հաշւոյն դրամատնային համակարգը փրկէ:
ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ քաղաքական գիտութեանց դոկտոր է, մեկնաբան, համալսարանի դասախօս: