
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հիւրընկալութեամբ Մերի Բաստեկույեանի ու Հերի Գազազեանի, Կիրակի, Սեպտեմբեր 18ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն սկսեալ, խնդուքի երեկոյ մը տեղի պիտի ունենայ, մենակատարութեամբ Վահէ Պէրպէրեանի:
530 Nolan Dr., Glendale, CA 91202 հասցէին տեղի ունենալիք ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին: Նուիրատուութիւնը՝ 100 տոլար:
Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (323) 356-6128 թիւին կամ HK@exxel.com հասցէին: