ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Անտառային եւ խոտածածկ տարածքներու հրդեհներու կանխատեսման, կանխարգիլման եւ հրդեհաշիջման աշխատանքներու կազմակերպման խնդիրները դարձած են յատուկ համաժողովի քննարկման նիւթ:
Համաժողովը կազմակերպուած է ԵԱՀԿի եւ ՄԱԿի երեւանեան գրասենեակներու, Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան կողմէ:
Հայաստանի մէջ այս տարի, համեմատած անցեալ տարուան հետ, հրդեհներու թիւը պակսած է, համաժողվի մասնակիցներուն յայտնած է արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան փոխտնօրէն Վրէժ Գաբրիէլեան:
Անտառային եւ խոտածածկ տարածքներու հրդեհներու սանձման ուղղութեամբ պայքարը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով, կը մշակուի ծրագիր՝ Հայաստանի տարածքին հրշէջ կայաններ հիմնելու ուղղութեամբ: