ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի վերականգնումէն ասդին քսան տարի անցած է, ազգովին կտրած ենք պատմական կարեւորութեամբ նուաճումներու եւ ռազմավարական տարողութեամբ վերիվայրումներու բախտորոշ ճամբայ մը եւ, ահա՛, հասած–կանգնած ենք այսօրուան մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներու յաղթահարման հրամայականին առջեւ՝ Ազգի ու Հայրենիքի վաղուան յաղթարշաւի ուղին ճշդորոշելու առաջնահերթ օրակարգով։
Արդէն քսանամեայ կենսափորձ ունինք ազգովին, որպէսզի առօրեայ եւ ընթացիկ քաղաքականութեան բաւիղներուն մէջ չկորսուինք եւ, աւելի՛ն, մերօրեայ սերունդներուն տրուած պատմական առաքելութեան ժամանակը չսպառենք օրուան իշխանութեան տիրանալու համար մղուող քաղաքական մրցապայքարներով, որքան ալ անխուսափելի եւ վճռորոշ նշանակութիւն ունենան անոնք եւ, աւելի՛ն, որքան ալ բնորոշ ըլլան ազատ ու անկախ որեւէ երկրի եւ պետութեան մէջ ապրող հասարակութեանց համար։
Կը բաւէ որքան անհարկի եւ աւելորդ տուրք վճարեցինք «յաւելեալ իշխանութեան» չարիքին, որ առաջին իսկ քայլերէն հետեւեցաւ եւ սպառնաց Հայաստանի վերանկախացման երթին։
Տակաւին 1988ին, Արցախի վերամիացման համար ծաւալած պահանջատիրական պոռթկումի բուռն ալեկոծման օրերուն իսկ, քաղաքական իշխանութիւնը վերցնելու եւ յաւելեալ իշխանութիւն կուտակելու փորձութիւնը քաղաքական կուրացման մատնեցին համաժողովրդային շարժումը յառաջ մղող գործիչներու եւ նորակազմ ուժերու մեծ մասին։ Յանուն խորհրդային ամբողջատիրութեան տապալման ու ժողովրդային ուժերու իշխանութեան տիրացման թափ առած պայքարով այնքա՜ն տարուեցանք, որ անտեսեցինք տարրական ճշմարտութիւնը իշխանութեան՝ յատկապէս բացարձա՛կ իշխանութեան փճացնող բնոյթին վերաբերեալ…
Եւ սրընթաց ինկանք իշխանաւոր նոր ուժերու հասակին ու կազմին համապատասխան Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի իրաւակարգն ու հասարակարգը պատկերացնելու, չափել–ձեւելու եւ կտրել–կարելու ոլորապտոյտին, այլեւ՝ անել շրջանակին մէջ։
Անշուշտ արտաքին ուժերու ճնշումները եւ մեծապետական աշխարհակարգի դասաւորումները, թէ՛ ուղղակի օրին եւ թէ այնուհետեւ՝ 1990ականներուն, վճռորոշ դեր ունեցան Ղարաբաղեան Շարժման այդօրինակ… «հոգեփոխութեան» մէջ։ Յանուն Արցախի միացման բռնկած պայքարը փաստօրէն մխրճուեցաւ Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու անջատողական շարժման աւազուտքին մէջ, որուն վրայ եւ անհեռանկար փորձ կատարուեցաւ խարսխելու Հայաստանի վերանկախացման երթը։
Յետադարձ հայեացքով այսօր դժուար չէ բացատրել, թէ ինչո՛ւ անջատողական ռազմավարութեամբ յառաջ մղուեցաւ Հայաստանի վերանկախացման երթը։ Համամիութենական պետականատիրութեան կեդրոնացեալ դրութեամբ ղեկավարուող տնտեսական մեծ շուկայի մը մէջ, որ Խորհրդային Միութիւնն էր, ազգային տնտեսութիւն եւ ազատ ու մրցակցային շուկայ ստեղծելը բնականաբար դժուար էր։ Մանաւանդ այնպիսի ժամանակ, երբ խորհրդային կայսերապետութեան անկումը անխուսափելի դարձած էր, նոյնպէս եւ՝ խորհրդային հասարակարգի արմատական փոփոխութիւնը։ Ռուսաստան ի՛նք նախաձեռնած էր այսպէս կոչուած «միութենական» բեռը իր ուսերէն նետելու քաղաքականութեան եւ, ի վերջոյ, գտաւ տարածաշրջանը իր քաղաքական ազդեցութեան ծիրին մէջ պահելով հանդերձ՝ հանրապետութիւններու խնամատարութեան եւ մատակարարման հոգէն ձերբազատուելու ուղին, որ «Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան» ստեղծումն էր։
1990ի Մայիսին կատարուած խորհրդարանական ընտրութիւններով օրէնսդիր իշխանութեան տիրացած ժողովրդային ուժերը, Հայոց Համազգային Շարժման ղեկավար գործիչներու առաջնորդութեամբ, շատ արագ քայլերով իրենց հեղինակութիւնը պարտադրեցին տակաւին խորհրդային իր բնոյթը պահպանող պետութեան իշխանական բոլոր օղակներուն։ Կոմկուսի հայաստանեան կազմակերպութիւնը համահունչ արագ կշռոյթով կազմալուծուեցաւ։ Այդպէ՛ս՝ քաղաքականօրէն եւս ամբողջացաւ տնտեսական անդամալուծութեան այն վիճակը, որ 1988ի բողոքի հաւաքներով, գործադուլներով եւ ցոյցերով զգետնած էր խորհրդային պետական դրամատիրութեան համակարգը։
Ահա այդ պայմաններուն մէջ, 23 Օգոստոս 1990ին, Խորհրդային Հայաստանի օրէնսդիր իշխանութիւնը՝ Գերագոյն Խորհուրդը որդեգրեց Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրը եւ որոշեց Հայաստանի Հանրապետութիւն վերանուանել հայոց հայրենի պետական տունը՝ խորհրդային հարուածներու տակ կործանուած Ազատ ու Անկախ Հայաստանը վերականգնելու հաւաքական իր վճռականութիւնը ամրագրելով։
Հետեւեցաւ 21 Սեպտեմբեր 1991ի Անկախութեան Հանրաքուէն, երբ համաժողովրդային քուէարկութեամբ հայրենի հայութիւնը գրեթէ միաձայնութեամբ որոշեց Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալ եւ ազատ ու անկախ իր պետականութիւնը կերտել։
Քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ հոգեբարոյական ամէն կարգի խութերու յաղթահարման երթ մը եղաւ, այնուհետեւ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի վերականգնման ազգային մեր երթը։ Խորհրդային 70ամեայ լուծը փաստօրէն ոչինչ կանգուն ձգած էր 1918ի Մայիս 28ին հիմնուած ազգային պետականութեան կռուաններէն։ Խորհրդային համամիութենական եւ կեդրոնաձիգ բնորդը պարտադրուած էր ոչ միայն Հայաստանի պետական իրաւակարգին ու տնտեսական համակարգին, այլեւ իր հունով առած–տարած էր հայ հասարակութեան ազգային արժէքներու համակարգը՝ մշակոյթի, կրթութեան եւ կենցաղի բոլոր բնագաւառներուն վրայ տարածելով իր օրէնքները, կանոնները եւ սովորոյթները։
Փաստօրէն Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի վերականգնման Հռչակագիրն ու Սեպտեմբեր 21ի Հանրաքուէով ամրագրուած պետական անկախութիւնը չէին կրնար անդին անցնիլ… համազգային բաղձանքի ու հաւաքական հաստատակամութեան սահմաններէն։ Վերականգնելէ աւելի, գործնապէ՛ս, հայրենի պետական մեր տունը նորովի՛ կառուցելու հարկին տակ գտնուեցանք ամբողջ քսան տարի՝ թէ՛ հայ ժողովուրդի աշխարհացրիւ բոլոր ուժերով, թէ՛ հայրենի հայութեան կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ։
Եւ բառին ծանրագոյն առումով՝ երկունքի՛ ցաւերով ու գալարումներով յատկանշուող քսանամեակ մը բոլորեցինք ազգովին։
Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի վերականգնման մեր երթը դժուարին եղաւ, սակայն, ոչ միայն Խորհրդային «ժառանգութեան» հետեւանքով եւ մեծապետական նոր աշխարհակարգի պարտադրած կաշկանդումներուն բերումով։ Նաեւ Հայաստանի նորահաստատ իշխանութեանց ընտրած անջատողական ռազմավարութենէն բխող սայթաքումներ խանգարեցին վերանկախացման մեր երթը.–
1) Խելացնոր թափով քանդեցինք խորհրդային հինը՝ իբրեւ օտարի սեփականութիւնը աւարելով ու փոշիացնելով նաեւ մեր ժողովուրդին ձեռքով՝ քրտինքով ու արեամբ նուաճուած հարստութիւնը։ Չկրցանք խորհրդայինէն զատորոշել եւ պահպանել այն ամէնը, որ հայոց սերունդներու անխոնջ աշխատանքով ու տառապանքով կերտուած էր մեր երկրին մէջ եւ կրնար տնտեսապէս հիմք ծառայել պետական մեր անկախութեան ու ազատութեան վերականգնումին։ Հողի, տնտեսական հարստութեան եւ պետական ինչքի սեփականաշնորհման խելայեղ քաղաքականութիւնը, օրի՛ն, չուզեց տեսնել անհակակշիռ ապապետականացման, շուկայացման եւ դրամատիրական ազատականացման անխուսափելի չարիքները։ Այդպէ՛ս՝ նաեւ նորահաստատ մեր իշխանութեանց մեղքով, Հայաստանի վերանկախացման երթը զրկեցինք Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի ազգային–քաղաքական աւանդները վերականգնելու նպատակասլացութենէն։ Վայրի դրամատիրութեան անդունդը գլորելէ ետք միայն անդրադարձանք, որ ամէն բանէ վեր պէտք ունէինք ընկերային արդարութեան կողմնորոշումով գործող կառավարումի։
2) Ընդհանրապէս Ազատութեան մեր պատկերացումը պատանդ դարձուցինք մեծապետական մէկ բեւեռէն միւսին հասարակարգային նմանակման անցնելու գաղափարական հիւանդութեան։ Խորհրդային միակուսակցական ամբողջատիրութենէն ազատագրումը պայմանաւորեցինք ամէն կարգի կուսակցութիւնները մերժելու, անձնիշխանական վարչախումբերու հանդէպ կոյր վստահութիւն սնուցանելու եւ ժողովրդավարութիւնը քուէատուփերու մէջ փնտռելու քաղաքացիական մանկամտութեամբ։ Հանրային կարծիքի ճնշումը հետեւողական ու անկաշկանդ պահելու եւ, կառավարման բոլոր մակարդակներուն վրայ, ժողովրդային հակակշռի հաստատման ժողովրդավարական եղանակները զարգացնելու փոխարէն՝ մեր գրաւը դրինք այս կամ այն իշխանաւորի յուսալիութեան վրայ։ Եղանք Հանրապետութեան այս կամ այն նախագահին հետեւորդը։ Չեղանք մեր իսկ ընտրած եւ նախասիրած իշխանութեան վրայ ժողովրդավարական հակակշիռ հաստատող եւ կառավարման հետ եկող չարաշահութեանց ու խաթարուածութեան սայթաքումները սրբագրող քաղաքացիական կազմակերպ ուժ։
3) Օրին չուզեցինք ընդունիլ ու շատ ծանր ցնցումներու եւ կորուստներու գնով նոր սկսած ենք անդրադառնալու, որ Անկախութիւնը կը պայմանաւորուի ազատ քաղաքացիի եւ ազատ հասարակութեան լիարժէք կազմաւորումով, որուն հասնելու ճամբան մէկ ու միակ եղած է աշխարհի չորս ծագերուն՝ բազմակուսակցական դրութեամբ գործող ժողովրդավարական մշակոյթի հաստատումով եւ հարստացումով։ Ի վերջոյ ամէնուր օրինաչափ երեւոյթ է, որ Անկախութիւնն ու Ազատութիւնը փոխ–ազդեցութեամբ եւ փոխ–պայմանաւորումով կապուած են իրարու։ Երբ չկայ Հայրենիքին պետական Անկախութիւնը, լիարժէք չի կրնար ըլլալ Ազգի անհատներուն եւ հասարակութեան Ազատութիւնը։ Ինչպէս որ առանց իր պետական կառավարման վրայ ժողովրդավարական հակակշիռ ունեցող Ազգի Ազատութեան, Հայրենիքի Անկախութիւնը չի կրնար սեփական ոտքերուն վրայ ամուր կանգնիլ… արեւուն տակ։
Արտաքին ճնշումներու թէ ներքին խարխափումներու հետեւանք այս բոլոր խութերը յաղթահարելու դժուարին երթով յատկանշուեցաւ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի վերականգնման քսանամեայ ուղին։
Այդ պատճառով ալ հայ ժողովուրդի ազգային ներուժին եւ կարողականութեան համապատասխան չեղաւ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան յառաջխաղացքը ազգային մրցունակ տնտեսութիւն, զարգացող եւ իր ճակատագրին տէր հասարակութիւն ու կայուն եւ անվտանգ պետականութիւն հաստատելու ճամբուն վրայ։
Կը մնայ, որ դժուարին այս քսանամեակէն անհրաժեշտ դասերը քաղենք եւ վերանորոգ հաստատակամութեամբ, պայքարունակութեամբ ու միասնականութեամբ լծուի՛նք Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի վերականգնման ուղին հարթելու մեր երթին։
Սիրելի ընկ. Նազարէթ,
Սոյն յօդւածը մտածելու, դասեր առնելու եւ վերանորոգ հաստատակամութիւն պարտաւորեցնելուց բացի ինձ մօտ առաջացրեց բերկրանք. բերկրանքը նոյն ձեւ մտածելու, կամ ինչպէս կասենք գաղափարական կենտրոնացման։ Երկար ժամանակ է միմեանց չենք հանդիպել, բայց անցնող շաբաթւայ ընթացքում բառացիօրէն նոյն գնահատականը տւինք Ազատութեան եւ Անկախութեան փոխկապակցւածութեան եւ անբաժանելիութեան վերաբերեալ. նոյնիսկ քննադատաբար վերանայեցինք՝ “անկախութիւնը բացարձակ արժէք է” յղացքին. չի կարելի առանց ազատկութեան երաշխաւորել անկախութիւն եւ հակառակը։ Կամ ուտոպիստական է, որ յանուն անկախութեան կարելի է զիջել ազատութիւնից։ Մեր ընկերական քննարկումների ժամանակ վերարժեւորեցինք ՄԵՐ քաղաքական պահանջը, այն է Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի պահանջը։ Ու ի՞նչ. այս երեքը անբաժանելի են ու մէկը միւսով պայմանաւորւած. այսինքն առանց Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան կամ Միացեալ Հայաստանի իրողութեան փաստօրէն չի լինում պահպանել անկախութիւնը, կամ ազատութիւնը. Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան հասնելը չի լինում հերթի դնել. այսինքն չի լինի ունենալ անկախ երկիր, յետոյ ազատութիւններ կապակովենք, յետոյ մի գեղեցիկ օր տարածքային ամբողջականութեան կը հասնենք։ Միացեալ Հայաստանը ոչ թէ պիտի ընկալւի ազգային հպարտութեան կամ սնապարծութեան կամ մաքսիմալիզմի դրսեւորում այլ կարծում եմ այլեւս պիտի աշխարհին, տարածաշրջանային դերակատար երկրներին, տնտեսական կառոյցներին, բոլորին, բոլորին ներկայանալ հետեւեալ փաստարկով՝ առանց խելամիտ եւ բնական տարածքների (Միացեալ Հայաստանի) հնարաւոր չէ անկախութիւն եւ ազատութիւն պահպանել. ուշ թէ շուտ կը պարտադրւի կախեալ եւ ոչ-ժողովրդավար (անազատ) պայմանները։ Կարծում ենք այսուհետ մեր քաղաքական պահանջը, որ երեքն են եւ միասնական, պիտի միասին հնչեցնել եւ չը փոխարինել զանազան-զարմանազան այլ եռամիասնություններով կամ հերթաւորումներով կամ բացարձակ արժէքներով…