ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նկարիչներու միութեան (ՀՆՄ) ցուցասրահին մէջ, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 15ին բացումը կատարուեցաւ Անկախութեան 20ամեայ յոբելեանին նուիրուած Կերպարուեստի համահայկական ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած է սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՆՄի կողմէ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են հայազգի ստեղծագործողներու աշխատանքներ՝ Սուրիայէն, ԱՄՆէն, Գանատայէն, Վրաստանէն, Էսթոնիայէն, Իտալիայէն, Պելճիքայէն, Իրաքէն, Ուքրանիայէն եւ Աւստրալիայէն: Ցուցահանդէսին մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած են սփիւռքահայ շարք մը նկարիչներ:
ՀՆՄի նախագահ Կարէն Աղամեանի խօսքով, նման ցուցահանդէս առաջինն է իր տեսակին մէջ, նկատի ունենալով, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած են ոչ միայն տեղաբնակ, այլեւ սփիւռքահայ նկարիչներու ստեղծագործութիւններ: