ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի միջոցներով, Շիրակի մարզի Աշոցք գիւղին մէջ նոր դպրոց կը կառուցուի:
Դպրոցի կառուցման հողային աշխատանքները արդէն աւարտած են. շէնքին հիմքերը դրուած են: Նորակառոյց եռայարկ դպրոցի չորս մասնաշէնքերէն երկուքը նախատեսուած են ուսումնական, երրորդը՝ մարզական ծրագիրներու, իսկ չորրորդը՝ դպրոցական ձեռնարկներու: Դպրոցը իր յարկին տակ կրնայ ընդունիլ մինչեւ 360 աշակերտ:
Գիւղին դպրոցը կառուցուած էր 1970ականներուն, նպատակ ունենալով սպասարկել այն ժամանակ արդիւնաբերական քաղաքի կարգավիճակ ունեցող Աշոցքի բնակչութեան. անիկա նախատեսուած էր աւելի քան հազար աշակերտի համար: Սակայն տարիներու ընթացքին, բնակչութեան թիւը նուազած է եւ ընդամէնը 297 աշակերտ ունեցող համայնքին համար 5 հազար քառակուսի մեթր տարածք ունեցող շէնքը, որ չունէր կեդրոնական ջեռուցման համակարգ եւ արդէն իսկ խիստ անբարեկարգ վիճակի մէջ էր, չէր բաւարարեր այսօրուան պահանջները: