
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ կը պահուի 3 միլիոնէ աւելի գործ, որուն ամբողջութիւնը կը կազմէ 300 միլիոն թերթ-փաստաթուղթ:
Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին յայտնած է, որ ընթացիկ տարուան Մայիսէն ի վեր, Ազգային արխիւին մէջ տեղադրուած են թուայնացնող սարքաւորումներ, որոնց միջոցով օրական դրութեամբ կը թուայնացուին շուրջ 2 հազար թերթ-փաստաթուղթ:
Ըստ Ա. Վիրաբեանի, 300 միլիոն փաստաթուղթէն ցարդ թուայնացուած է շուրջ 100 հազար թերթ: