Գոհունակութեամբ կ՛իմանանք, որ վերատեսութեան ենթարկուած է Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 20ամեակին նուիրուած «տօնական հանդիսաւոր ճաշկերոյթ»ին բնոյթը։
Բարձրօրէն կը գնահատենք վերատեսութեան այս նախաձեռնութիւնը, որ տօնախմբութեան առանցքը կը դարձնէ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 20ամեակի նշումը։
Այս առիթով ճաշկերոյթին մեր չմասնակցելու պատճառը վերացուած կը համարենք եւ անգամ մը եւս կ՛ողջունենք Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 20 ամեակը ու մեր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն։
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Comments 1