
ՌԱՄԱԼԼԱ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ. Փի.».- Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 16ին յայտնեց. «Հակառակ մեր դէմ գործադրուող ճնշումներուն, Պաղեստին ՄԱԿ պիտի երթայ, պահանջելու համար ՄԱԿի լիիրաւ անդամակցութիւնը»։
Ապպաս նշեց, թէ այս քայլը պիտի փաստէ, որ «1967ին գրաւուած հողը պետութեան մը կը պատկանի», աւելցնելով, որ ՄԱԿի անդամ երկիր մը պիտի մասնակցի միջազգային բոլոր կառոյցներու գործունէութեան՝ ներառեալ Միջազգային քրէական դատարանին, «բան մը, որ Իսրայէլ ու Միացեալ Նահանգներ չեն ուզեր»։
Ապպաս բացատրեց, որ պաղեստինեան իշխանութիւնը ՄԱԿին կը դիմէ՝ մեկնելով երեք պատճառներէ. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա անցեալ տարի ՄԱԿի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, թէ 2011ի Սեպտեմբերին կ՛ուզէ Պաղեստինը իբրեւ պետութիւն տեսնել, պաղեստինեւիսրայէլեան հարցով քառեակը յայտնեց, թէ բանակցութիւնները պէտք է Սեպտեմբեր 2011ին աւարտին, եւ վերջապէս, մենք մեզ յանձնառու դարձուցինք պետական կառոյցները հաստատելու եւ այս ամսուան վերջաւորութեան զանոնք պատրաստ դարձնելու»։
Խօսելով բանակցութեանց վերսկսման հարկ եղած պայմաններուն մասին՝ Ապպաս ըսաւ. «Կ՛ըսենք, որ մեզի տուէք 67ի սահմանները, բնակեցման աշխատանքները դադրեցուցէք եւ մեզի տուէք բանակցութեանց յստակ ժամկէտ մը: Այն ատեն բանակցութեանց կը վերադառնանք: Ասիկա մեր պատմական կեցուածքն է, որ անոնց կողմէ նախապայման կը կոչուի: Կնքուած համաձայնութիւններուն հիման վրայ, ոչ ոք կրնայ դիմել միակողմանի քայլերու, որոնք վերջնական լուծումի վրայ կ՛ազդեն: Պաղեստինեան կողմը 1995էն ի վեր կը յարգէ այս պայմանը, իսկ իսրայէլեան կողմը՝ ո»չ։
Ապպաս ըսաւ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման կը յայտնէ, թէ Օսլոյի համաձայնագիրը չեղեալ պիտի նկատէ ու կը սպառնայ պաղեստինեան իշխանութեան պատկանող դրամական յատկացումները չփոխանցել, սակայն ան իրաւունք չունի նման քայլերու դիմելու: Ապպաս աւելցուց, թէ բոլորին պէտք է յստակ դառնայ այն, որ 1967ին գրաւուած հողին վրայ կառուցուած իւրաքանչիւր կառոյց ապօրինի է։
Միւս կողմէ, Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տենի Այալոն Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց, որ պաղեստինցիներու կողմէ ՄԱԿի լիիրաւ անդամակցութեան դիմումը պատճառ կրնայ դառնալ երկկողմանի համաձայնութիւնները չեղեալ նկատելու եւ «Իսրայէլը պիտի ազատէ իր բոլոր յանձնառութիւններէն», աւելցնելով, թէ նման պարագայի մը պատասխանատուութիւնը պաղեստինցիները պիտի կրեն։
Նաեւ, պաղեստինեան «Համաս» շարժումը յայտարարեց, թէ ՄԱԿին դիմելու Պաղեստինեան իշխանութեան քայլերը ձեւական են, եւ թէ այդ քայլը պիտի չստիպէ Իսրայէլը, որ մէկ թիզ հողէ իսկ հեռանայ: Շարժումը զգուշացուց, որ պաղեստինեան դատին հիմնական սկզբունքները պէտք չէ բանակցութեանց նիւթ դառնան՝ անոնց գլխաւորը նկատելով տունդարձի իրաւունքը։
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, որ հետզհետէ կ՛ամրապնդուի այն համոզումը, որ իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հիմնական հարցերը խաղաղութեան բանակցութեանց ճամբով կը լուծուին եւ ոչ թէ ՄԱԿի կողմէ իրենց պետութեան ճանաչում ապահովելու պաղեստինեան փորձին միջոցով։
Վերջապէս, Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ կ՛ուզէ օժանդակել իրենց պետութիւնը ունենալու պաղեստինցիներու ջանքերուն՝ նշելով, որ ՄԱԿ դիմելու պաղեստինցիներուն որոշումը «անօգուտ քայլ մըն է»։