Հայ իրաւաբաններու միութիւնը (ArmenBar) կը տեղեկացնէ, թէ իր միջտարեկան հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 22-24ին, Միշիկըն նահանգի Տիթրոյիթ քաղաքին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին տեղի պիտի ունենան շարք մը քննարկումներ՝ նուիրուած իրաւական հարցերու եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան: Տեղի պիտի ունենան նաեւ ընկերային հաւաքներ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.armenianbar.org կայքը: