ՊԸՐՊԵՆՔ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի հրատարակչական աշխատանքներու ծիրէն ներս լոյս պիտի տեսնէ Կարօ Պետրոսեանի «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Տօներ եւ Ազգային Աւանդութիւններ» աշխատութեան արեւելահայերէն տարբերակը:
Աշխատութիւնը արեւելահայերէնի վերածած է երէցկին Էլիա Սարիբէկեանը, որ կը բնակի æաւախքի Ախալքալաք քաղաքին մէջ: Հրատարակութեան իրենց նպաստը բերած են առաջնորդարանի աշխատակիցներ Հայկ Մատոյեան եւ Մաշտոց Չօպանեան, իսկ հրատարակութիւնը կը ձօնուի տէր եւ տիկին Պարոյր եւ Արմէնուհի Գրաճեաններուն:
Նաեւ, մօտ օրէն լոյս պիտի տեսնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երէց միաբաններէն Եփրեմ արք. Թապագեանի կողմէ պատրաստուած ու աշխարհաբարի վերածուած Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ շարականներու Գ. տպագրութիւնը, որուն ծախսերը յանձն կ՛առնեն թեմի նուիրեալ բարերարներէն տէր եւ տիկին Պետրոս Օրունճագճիէլ, տէր եւ տիկին Սինան Սինանեան, տէր եւ տիկին Կարապետ Աքփուլաթ, տէր եւ տիկին Միշել Մինասեան, տէր եւ տիկին Վահի Ուրուն, տէր եւ տիկին Անդրանիկ Գասապեան, տէր եւ տիկին Պեքլար Փիլաւճեան ու տէր եւ տիկին Չարլի Ղայիլեան: