ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ահա բոլորեցինք քսանամեակը Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէին։

Քաղաքամայր Երեւանի մէջ թէ աշխարհի մեծ ու փոքր մայրաքաղաքներու տարածքին, պետական հանդիսաւոր շուքով թէ ժողովրդային խանդավառ համախմբումներով, ազգովին արժեւորումը կատարեցինք Հայոց Պետականութեան կտրած քսանամեայ ուղիին՝ հաշուեկշռի բերելով մեր հաւաքական նուաճումներն ու ընկրկումները։
Քաղաքական թէ գաղափարական մեր բոլոր տարբերութիւններով ու տարակարծութիւններով հանդերձ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր, միաձայնութեա՛մբ հաստատեցինք, որ 21 Սեպտեմբեր 1991ի համաժողովրդական հանրաքուէն, ժողովրդավարական եւ իրաւական ճամբով, անվիճելիօրէն ու անդառնալիօրէն ամրագրեց ազատ եւ անկախ ապրելու հայ ժողովուրդին ազգային՝ հաւաքական ու միասնական կամքը։
Նոյնպէս միաձայնութեամբ արձանագրեցինք, որ ամբո՛ղջ հայ ժողովուրդին կը պատկանի նուաճումը պատմական նշանակութեամբ կարեւոր ու մեծ ոստումի այս քայլին՝ անկախ հայրենիքի մէջ եւ ազգային պետականութեամբ ազատօրէն ապրելու մեր տարրական ու անբռնաբարելի իրաւունքը հաստատագրելու ճամբուն վրայ։
Հայ քաղաքական միտքը միաձայնութիւն դրսեւորեց նաեւ իր այն գնահատումով, որ Հայաստանի մերօրեայ անկախութեան քսանամեայ հաշուեկշռին մէջ տիրական եղաւ ձեռքբերումներու եւ դրական արդիւնքներու բաժինը։ Հակառակ արտաքին ճնշումներուն եւ հարուածներուն, ինչպէս եւ հակառակ ներքին–քաղաքական խոտորումներուն ու սայթաքումներուն, մեր ժողովուրդը տոկաց ամէն կարգի դժուարութեանց, հասարակափոխութեան ծանրագոյն ցնցումներուն մէջ անգամ կառչեցաւ իր անկախութեան եւ ազատութեան ու կրցաւ վերականգնիլ։
Բայց նոյն այս կէտին վրայ նաեւ սպառեցաւ հայ քաղաքական մտքի… միաձայնութիւնը։
Որովհետեւ՝ Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէին քսանամեակը օրակարգի վրայ բերաւ նաեւ, բնականաբար ու անխուսափելի սրութեամբ, հայ քաղաքական միտքը բաժնող քաղաքական եւ գաղափարական խնդիրներն ու մօտեցումները։
Բաժանարար գիծը, անշո՛ւշտ, քսան տարիներու ընթացքին երեւան եկած ու հետզհետէ խորացող խրամատն է Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի երազին ու իրականութեան, առաջադրանքին ու իրագործումին միջեւ։
Խօսքը կը վերաբերի այն մտայնութեան, որ իշխանութեան տիրացած ուժի դիրքերէն կը հաւատայ եւ կ՛ուզէ հաւատացնել, թէ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի երազը մարմնաւորուած ու իրականացած է այսօրուան իրականութեամբ։ Չ՛ուզեր անդրադառնալ ու խոստովանիլ, որ սերունդներու երազած Ազատութիւնն ու Անկախութիւնը ազգային տարբեր որակով կը ներկայանային եւ համապատասխան միս ու ոսկոր պէտք է կապէին։ Աւելի՛ն. կը բաւարարուի այն չքմեղանքով, որ արտաքին ճնշումներու եւ միջազգային աննպաստ դասաւորումներու բերմամբ, նաեւ՝ հաւաքական մեր թերութեանց ու սխալներուն հետեւանքով, կարելի չեղաւ աւելի մեծ քայլերով յառաջ ընթանալ մեր պետականութեան հզօրացման եւ մեր հասարակութեան բարգաւաճման ուղղութեամբ։
Ինչպէս քսան տարի առաջ, նաեւ մեր օրերուն հայ քաղաքական միտքը երկփեղկող այդ մտայնութիւնը չուզեր տեսնել, որ հայ ժողովուրդը 21 Սեպտեմբերի Հանրաքուէով ընտրեց սերունդներու երազը լիարժէք իրագործելու՝ ծով արեան գնով նուաճուած իր Ազատութեան վերատիրանալու եւ պետական իր Անկախութիւնը վերականգնելու ուղին։
Իսկ ինչ որ ստացանք՝ միջազգային ճանաչումի արժանացած քաղաքական ու իրաւական մարմինն է Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան, որուն տակաւին կը պակսի հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան ու ազգային ինքնահաստատման կենսատու Ոգին։
Խորհրդային լուծի ամբողջ եօթանասուն տարիներու ընթացքին, մեր ժողովուրդը իր ակռաները սեղմելով աշխատեցաւ ու պայքարեցաւ, որպէսզի Ազատութեան եւ Անկախութեան իր արդար ժառանգութիւնը պահպանէ ամէն կարգի ճնշումներու եւ կաշակնդումներու, այլասերումներու եւ օտարացման չարիքին դէմ։
Նոյն այդ ոգին հնարաւորութիւնը ընձեռեց մեր ժողովուրդին, որպէսզի խորհրդային կոչուած ապազգային պետութեան պայմաններուն մէջ անգամ պահպանէ, զարգացնէ եւ վերանորոգէ ազգային արժէքներու իր համակարգը։
Անկասկած խորհրդային ամբողջատիրութեան սնանկացումն ու զառիթափը օգնեցին, որ 1965ին ազգային զարթօնքի իր առաջին պոռթկումը ապրած մեր ժողովուրդը, 1988ին, նորովի թափով շղթայազերծել փորձէ իր Ազատութեան վերատիրացման ու Անկախութեան վերականգնման պայքարը։
Բայց հայ քաղաքական միտքը ներքնապէս պառակտելու կը ծառայեն բոլոր անոնք, որոնք Արցախի ազատագրութեան եւ Հայաստանի վերանկախացման նուաճումը կը կապեն, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, սոսկ Խորհրդային Միութեան փլուզման ընձեռած նպաստաւոր պայմաններուն հետ։
Մինչեւ Սեպտեմբեր 21ի Հանրաքուէն պատմական շրջադարձի ամբողջ հանգրուան մը նուաճեց հայ ժողովուրդը։
1970ականներուն սկսած այլախոհական շարժումէն մինչեւ 1987ի աշնան Երեւանի մէջ ծաւալած կենսոլորտի պաշտպանութեան ի խնդիր ցոյցերը, մեր ժողովուրդի յանձնառու եւ մարտունակ երիտասարդութիւնը փաստօրէն նախապատրաստեց ենթահողը ա՛յն մեծ շարժումին, որ 1988ի Փետրուարէն սկսեալ ալեկոծեց մեր կեանքը։
Ազատութեան վերատիրացման ալիքը եղաւ առաջինը, որ Արցախի միացման պահանջով թափ հաւաքեց եւ սանձակոտոր պոռթկաց ու համակեց ողջ հայութիւնը։
Եւ Ազատութեան վերատիրանալու այդ պայքարին՝ հայրենի հայութիւնը զոհաբերեց խորհրդային ամբողջատիրութեան վերջալոյսին իր վայելած համեմատական բարօրութիւնը։
Ոչ միայն իր բարեկեցութիւնը, այլեւ կեանքն իսկ զոհաբերելու պատրաստակամութեամբ մեր ժողովուրդը նետուեցաւ պայքարի մէջ։
Մեր քրտինքէն եւ արիւնէն ծանրագոյն գին վճարեցինք՝ Ազատութեան մեր տարրական եւ անբռնաբարելի իրաւունքին վերատիրանալու համար։
Ազատութիւն, որ ազգային մեր հողերուն վերատիրանալու իրաւունքին հետ եւ անկէ անդին՝ սեփական երկիրն ու պետութիւնը, հասարակութիւնն ու անհատը ինքնուրոյն եւ անկաշկանդ տնօրինելու մեր իրաւունքը պիտի հաստատէր եւ երաշխաւորէր։
Իր ճակատագրին տէր կանգնելու ընդունակ հայ մարդուն քաղաքացիական մասնակցութիւնն ու հասարակական հակակշիռը նուիրագործելու պիտի ծառայէր եւ պէ՛տք է ծառայէր Ազատութիւնը։ Ազատութեան մեր երազը ա՛յդ որակը ունէր եւ այնքան մեծ զոհաբերութեամբ նուաճուած մեր ժողովուրդին Ազատութիւնը խորապէս կը խոցեն բոլոր անոնք, որոնք սոսկ ձեւականօրէն յարգուող ազատութիւններու այսօրուան մեր իրականութեան մէջ կը փորձեն մարմնաւորած տեսնել… Երազը ու խեղդել զայն։
Վերջին քսանամեակի հաշուեկշռին մէջ ծանր կը ճնշէ այն կորուստը, որ ունեցանք մեր ժողովուրդի Ազատութեան վերատիրանալու ճակատին վրայ։
Եթէ նոյն տարողութեամբ չեղաւ Հայաստանի Անկախութեան վերականգնման ճակատին վրայ արձանագրուած կորուստը, այսուհանդերձ՝ շատ թանկարժէք ժամանակ կորսնցուցինք ամենայն հայոց ազգային պետականութիւնը արմատաւորելու առումով։
Երբեմնի Խորհրդային Միութիւնը բաղկացնող ազգութիւններէն շատեր ինքնաբերաբար վերատիրացան կամ նորոգ տիրացան ազգային իրենց պետականութեան ու անկախութեան, երբ ռուս քաղաքական միտքը որոշեց իր ուսերէն թօթափել բեռը նախկին միութենական հանրապետութեանց, զանոնք իր ազդեցութեան ոլորտին մէջ պահելու ախորժակը… սրած պահելով հանդերձ։
Հայ ժողովուրդը ոչ միայն նուէր չստացաւ Հայաստանի անկախութիւնը, այլեւ արտակարգ ծանր հարկ վճարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումին համար։
Արցախեան ազատագրական պայքարի բռնկման պահէն իսկ, մեծապետական աշխարհը փորձեց եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր ներքին մրցապայքարներուն հարկատու պահել Հայաստանի Անկախութեան վերականգնումը։ Տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային քաղաքականութեան իր ներքին հաւասարակշռութիւններուն կապուած հաշիւներով՝ մեծապետական աշխարհը յաւելեալ հարկումի ենթարկեց մեր ժողովուրդին անկախութեան պահանջը։ Խորհրդային Միութիւնը ատենին չէր կրցած կամ չէր ուզած (արդէն կարեւոր չէ) վճռահատել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ միջազգային սահմանագծի ճշդորոշման խնդիրը։ Մեծապետական քաղաքականութիւնը, յետ–խորհրդային քաղաքական քարտէսի նախագծման մէջ, Թուրքիոյ ախորժակներուն հաշիւը ի մտի ունէր եւ ելք կ՛որոնէր։ Իսկ Խորհրդային Հայաստանը դուրս եկողը չէր Խորհրդային Միութենէն՝ առանց… Արցախին։
Հպանցիկ ակնարկուած մեծապետական հաշուեյարդարներու այս մեծ խաղին մէջ յառաջ մղուեցաւ հայ ժողովուրդին անկախ պետականութիւնը վերականգնելու պայքարը։ Այդ պատճառով շատ ծանր հարկ դրուեցաւ մեր ժողովուրդի ճտին, որովհետեւ ոչ միայն Արցախի միացման, այլեւ Հայաստանի ամբողջացման աներեր կռուանը կ՛ուզէինք դարձնել վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Փաստօրէն ե՛ւ Ռուսաստանը, ե՛ւ Արեւմուտքը (չըսելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները) հայ ժողովուրդին զլացան իր հայրենիքի պատմական ու բնական սահմանները գոնէ մասամբ վերականգելու գէթ պահանջատիրական իրաւունքը…
Հայաստանի Անկախութեան վերականգնումին համար ծանրագոյն այդ հարկը վճարելու «իրապաշտութիւն»ը կը քարոզեն, ըստ ամենայնի, հայ ժողովուրդը իր «արհաւիրքակեդրոն» քաղաքական մշակոյթէն դուրս բերելու եւ հայեւթուրք հաշտեցման նոր էջ բանալու վարքագծին ջատագովները։
1991ին հայ ժողովուրդը արդէն չափէն աւելի անարդար հարկ վճարած էր մեծապետական աշխարհի ղեկավար ուժերուն, որպէսզի իր Ազատութեան վերատիրացման պայքարը հզօրացնէր Անկախութեան վերականգնումով։
Սեպտեմբեր 21ի Հանրաքուէին քսանամեակը բոլոր հիմնաւորումները կը տրամադրէ, որպէսզի այնքան զոհաբերութեամբ նուաճուած Ազատ ու Անկախ Հայաստանի գացող թէ եկող իշխանութիւնները մտահան չընեն կարեւորագոյնը՝
Հայ ժողովուրդը լրիւ ու աւելիով վճարած է իր Ազատութեան վերատիրացման գինը եւ իր Անկախութեան վերականգնման հարկը։
Յաւելեալ գին եւ հարկ վճարելու ստիպուած չենք։