Յաջորդական երկու Հինգշաբթիներու ընթացքին, Սեպտեմբեր 8ի եւ 15ի երեկոներուն, Սրբոց Նահատակաց «Գապայեան» նախակրթարանի եւ «Ֆերահեան» երկրորդական վարժարաններուն մէջ տեղի ունեցան ծնողա-ուսուցչական երկու հանդիպումներ, որոնց ընթացքին ծնողները, աշակերտներ դառնալով՝ իրենց

զաւակներուն դասարանները կ՛այցելէին, տեսնելու համար, թէ ո՞ր դասարաններուն մէջ կը նստին անոնք եւ լսելու, թէ ի՞նչ ծրագիրով ու մեթոտով կը կատարուի իւրաքանչիւր նիւթի դասաւանդութիւնը:
Ծնողք-ուսուցիչ այս հանդիպումը իր անդրադարձը կ՛ունենայ ամբողջ տարուան ընթացքին, որովհետեւ տեսակ մը մեկնարկ ու ուղղութիւն ճշդող շահեկան հանդիպում մըն է: Աշակերտները եւս հետաքրքրուած են «Վերադարձ Դէպի Դպրոց»ով, իմանալու համար, թէ ի՞նչ է իրենց ծնողքին տպաւորութիւնը դասարանային իրենց առօրեային մասին:
Զոյգ հանդիպումներու առաջին բաժինին, վարժարանի տնօրէնը՝ Ժան Գոսագեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ծնողներուն, ընդհանրական գիծերու մէջ ներկայացուց դպրոցի աշակերտութեան թուական պատկերը, կրթական ծրագիրները, շրջանաւարտներու համալսարան մուտքի յաջողութիւնները, տնտեսական իրավիճակը եւ նորութիւնները՝ կոչ ուղղելով, որ ծնողները աշխատին ծնողական յանձնախումբերու մէջ, միասնաբար դիմագրաւելու համար դպրոցի դժուարութիւնները:

Ժան Գոսագեան յայտնեց նաեւ, թէ լաւ տարեշրջան մը սկսած է դպրոցը եւ ճիշդ ընթացքի մէջ է, որովհետեւ, հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապին, անցեալին հետ բաղդատած՝ փոխանակ աշակերտ կորսնցնելու, աշակերտ շահած է դպրոցը, որ տարին կը սկսի 650 աշակերտով՝ ներառած մանկամսուրի 120 աշակերտները:
Արդարեւ, նախորդ երեք տարիներուն, միջին հաշիւով տարին 30-35 աշակերտ կորսնցուցած ըլլալով՝ աշակերտութեան թիւը 752էն իջած էր 643ի:
Նիւթական գետնի վրայ, տնօրէնը բացատրեց, որ պիւտճէի 550,000 տոլարի բացը եւս կարելի եղած է հակակշռել՝ զայն նուազեցնելով 150,000 տոլարի: Սոյն գումարը պէտք է գոյացուի դրամահաւաքի զանազան միջոցառումներով: Դժբախտաբար, այս ընելու համար դպրոցը ստիպուած եղած է կրճատել իր ուսուցչական եւ տնօրէնութեան անձնակազմերը: Սակայն, տնօրէնը աւելցուց, որ սոյն կրճատումները կատարելու համար, դպրոցին տրամադրած հիմնական ծառայութիւններէն ոչ մէկը զեղչուած է:
Ան կոչ ուղղեց ծնողներուն, որ գործակցին դպրոցին հետ, այս քանի մը տարիներուն սեղմ պիւտճէով աշխատելու եւ դպրոցը իր բարձր ուսումնական ծրագիրով բաց պահելու առաջնահերթ նպատակներուն ուղղութեամբ:
Ապա, Ժան Գոսագեան մանրամասնօրէն ներկայացուց մեր շրջանաւարտներուն յաջողութիւնները՝ չորս տարուան համալսարաններ ընդունուելու գծով՝ տալով անոնց համեմատական պատկերը: Այսպէս, աշակերտներուն 35 տոկոսը ընդունուած է «Եու.Սի.» (University of California) համակարգէն ներս, 40 տոկոսը՝ «Քալ. Սթէյ»չ (Cal. State University) համակարգէն ներս, իսկ մնացեալը՝ երկու տարուան քոլեճներ, որոնցմէ ետք պիտի փոխանցուին համալսարաններ: Անշուշտ, կայ աշակերտներու որոշ թիւ մը, որ ընդունուած են նաեւ սեփական համալսարաններ:
Խօսելով յաւելեալ վարկ ապահովող յատուկ դասերու (AP courses) մասին՝ տնօրէնը յայտնեց, թէ «Ֆերահեան»ի տրամադրած այս ծրագիրները կը դիւրացնեն շրջանաւարտներու համալսարան մուտքը եւ կը ծառայեն աւելի արագ կերպով համալսարանական վկայական ստանալու նպատակին:

Դպրոցէն ներս կատարուած փոփոխութիւններուն անդրադառնալով՝ Ժան Գոսագեան յիշեց, թէ այս տարի դպրոցը սկսանք վերանորոգուած խոհանոցով, որուն համար ծախսուեցաւ 45,000 տոլար, որուն մեծ մասը ապահովուեցաւ Ղազարեան ընտանիքի նուիրատուութենէն: Տնօրէնը աւելցուց նաեւ, որ նոյն շաբաթավերջին, Սեպտեմբեր 16ին եւ 17ին, Նորթ Հիլզի համալիրին մէջ, երկրորդ տարին ըլլալով տեղի պիտի ունենայ փառատօն մը՝ կազմակերպութեամբ դպրոցի Շրջանաւարտներու միութեան եւ մարմնամարզական «Արմէնզ» բաժանմունքին:
Տնօրէնի խօսքէն ետք սկսան դասապահերը, եւ ծնողները ուղղուեցան դէպի դասարաններ, լսելու համար ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն բացատրութիւնները՝ դասաւանդուած նիւթին, տարեկան ծրագիրին, մեթոտներուն, պարտականութիւններուն, քննութիւններուն եւ այլ գիտելիքներու մասին:

«Վերադարձ Դէպի Դպրոց»ը իւրայատուկ օր մըն էր թէ՛ ուսուցիչներուն, եւ թէ ծնողներուն համար, որովհետեւ ա՛յդ օրն է, երբ կը սկսի իսկական կապը երկուքին միջեւ, մի՛շտ՝ ի նպաստ աշակերտին: