
Իրանի ուժանիւթի նախարարութիւնը հաղորդած է, թէ Իրան Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հետ անջատ համաձայնութիւններ գոյացուցած է, Իրանի մէջ ելեկտրակայաններ կառուցելու նպատակով: Իրանեան «Իռնա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ համաձայնութիւնը հասարակաց ելեկտրակայաններ կառուցելու իրանեան, ռուսական եւ թրքական ճարտարագիտութիւնը օգտագործելու առիթ պիտի ընծայէ, իսկ ելեկտրակայաններէն արտադրուած ելեկտրականութիւնը պիտի արտածուի Թուրքիա, Ռուսիա, կամ որեւէ այլ երկիր։