ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հին ու իր ժամանակը սպառած յանկերգ մը վերջերս դարձեալ լսելի դառնալու փորձ կը կատարէ։
Խօսքը կը վերաբերի Սփիւռքի «աւանդական կառոյցներ»ուն վրայ այս կամ այն ձեւի խաչ քաշելու յանկերգին, որ պարբերաբար կը հնչէ հայ քաղաքական մտքի բեմահարթակներէն։
Յանկերգի նորագոյն արձագանգին ականջալուր դառնալու առիթը ընծայուեցաւ այսպէս կոչուած «Եւրոպայի Հայերի Համագումար»ի մը կողմէ, որ Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէին քսանամեակին վերաբերեալ վերջերս հրապարակած իր «շնորհաւորական ուղերձ»ին մէջ, յանկարծ օդէն ինկած, տեղ տուաւ հետեւեալ պնդումին.
– «Սփիւռքը ունի հզօր պոտենցիալ (ներուժ) եւ այդ պոտենցիալը չի գտնւում աւանդական կառոյցների վերահսկողութեան ներքոյ…»։
Պարզ չէ, որ «ուղերձ»ի հեղինակներուն համար որո՞նք են «աւանդական կառոյցներ»ը։ Նկատի ունին միայն քաղաքակա՞ն կազմակերպութիւնները, թէ՞ ընդհանրապէս ամէն կարգի սփիւռքեան կազմակերպութեանց ու կառոյցներու կը վերաբերի «ուղերձ»ին արձակած «դատավճիռը»…։
Բայց պարզ է, որ ակնարկութիւնը ուղղուած է «աւանդական» բնոյթի «կառոյցներ»ուն, քաղաքական ըլլան անոնք թէ ոչ։
Այսինքն՝ «Սփիւռքի հզօր ներուժը» փաստօրէն անհասանելի չէ եւ կրնայ կազմակերպուիլ ու արդիւնաւորուիլ, թերեւս ալ կազմակերպուած է արդէն «ուղերձ»ի հեղինակներուն կարծիքով։ Պարզապէս «աւանդական կառոյցներ»ն են, ըստ «ոչ–աւանդական» ըլլալու յաւակնութիւնը ունեցող «Եւրոպայի Հայերի Համագումար»ին, որ չեն կրնար իրենց «վերահսկողութեան ներքոյ» բերել «Սփիւռքի հզօր ներուժ»ը։
Աւելիի՛ն ալ կը յաւակնին այս «ոչ–աւանդական»ները, երբ իրենց պնդումին շարունակութեան մէջ կ՛ընդգծեն, որ Սփիւռքի հզօր ներուժը «կարելի է լաւագոյնս ծառայեցնել համահայկական նպատակներին, միայն եթէ Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւնները հիմնուեն եւ արմատաւորուեն փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ»:
Առանձին քննարկման արժանի նիւթ է, անշուշտ, Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններու կարգաւորման խնդիրը, որուն սատարելու իբր թէ «ոչ–աւանդական» ուղի կ՛առաջադրեն «աւանդական»ին վրայ խաչ քաշող յանկերգին նորօրեայ մունետիկները։
Մինչդեռ Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւնները «փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ» հիմնելու անոնց առաջադրանքը պարզապէս կը բխի նոյնինքն «աւանդական կառոյցներ»ու կենսափորձէն։
Փաստօրէն հայաշխարհի մեծ քարտէսին վրայ իրենց համար սոսկ ոտքի տեղ կը փնտռեն այսպէս՝ «աւանդական կառոյցներ»ու ձգած պարապը լեցնելու յաւակնութեամբ բեմահարթակ ելած այս ինքնակոչները։
Բնական ու հասկնալի է նման յաւակնութիւնը, որովհետեւ իրապէս գոյութիւն ունի ցիրուցան Սփիւռքը ինքնակազմակերպման մղելու եւ ազգային–կազմակերպ «վերահսկողութեան ներքոյ» բերելու մարտահրաւէրը։
Իր մեծագոյն տոկոսով Սփիւռքը ոչ միայն կազմակերպուած չէ, ոչ միայն հասանելի չէ որեւէ ձեւի կազմակերպ ուժի կամ կառոյցի համար, այլեւ՝ օտարացման եւ ձուլման առարկայական հոսանքի ճնշումին տակ, նաեւ հայակեդրոն ու հայրենակեդրոն չէ։
Նոյնքան բնական ու հասկնալի է, հետեւաբար, «աւանդական» մօտեցումներէն ու դեղատոմսերէն անդին անցնելու եւ մեր ժամանակներու պայմաններուն եւ մտայնութեանց համահունչ ելք փնտռելու առաջադրանքը։
Բայց հարցը կը կայանայ ոչ թէ «աւանդական կառոյցներ»ուն կամ անոնց «նորեր»ով փոխարինման մէջ, այլ ինքնակազմակերպման ներքին համոզումը ցիրուցան հայ բեկորներու մօտ արմատաւորելու եւ ամրապնդելու մէջ։
Իսկ ինքնակազմակերպման մղումը նորովի խթանելու համար, աշխարհասփիւռ հայութիւնը այսօր կը ներկայանայ երկու բախտորոշ առաւելութիւններով.
– Համաշխարհայնացման ներկայ ալիքին ստեղծած կապի, մերձեցման եւ կամրջումի միջոցներուն աննախընթաց կատարելագործումը այնպիսի՛ն է, որ կազմակերպ մեր կառոյցներուն կ՛ընձեռէ ամէն կարգի ինքնամփոփման պատեաններէն ներս թափանցելու հնարաւորութիւնը։
– Հայաստանի վերանկախացումով եւ հայոց ազգային պետականութեան քայլ առ քայլ վերականգնումով՝ աշխարհացրիւ հայութիւնը օժտուած է ինքնահաւաքման ու ինքնակազմակերպման կարեւորագոյն կռուանով՝ հայկական պատկանելութիւնը ամրապնդող ծանրութեան կեդրոնով, որ պետականութեան «վերահսկողութիւնն» է։
Մեծակշիռ այդ զոյգ հնարաւորութեանց առաւելագոյն օգտագործումով է, որ հայ քաղաքական միտքը այսօր ի վիճակի է սնուցանելու Սփիւռքի հիմնական ողբերգութեան յաղթահարման յոյսը։
Նորագոյն մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ «կազմակերպ» Սփիւռքը, անհեթեթօրէն ու անիրաւօրէն «աւանդական» յորջորջուած իր կառոյցներով, հնարաւորութիւնը ունի գործնապէս հասնելու աշխարհացրիւ հայութեան այն մեծ տոկոսին, որ ցարդ չէ ունեցած, ոչ ալ տրամադիր եղած է որոնելու, գտնելու եւ հարթելու ազգային ինքնակազմակերպումի իր ուղին։
Կը նշանակէ, որ Սփիւռքի հզօր ներուժը «վերահսկելի» դարձնելու նախապայմանը յաղթահարումն է, առաջին հերթին եւ ամէն բանէ վեր, ազգային–կազմակերպ «վերահսկողութիւն»ը մերժելու հոգեբանութեան եւ մտայնութեան։
Իսկ ցիրուցան հայու բեկորներու ներքին կաշկանդումները յաղթահարելու այդ պայքարին մէջ, «աւանդական կառոյցներ»ը կը հանդիսանան մեր ժողովուրդի կարեւորագոյն զէնքերը, որոնք անկասկած ժամանակին համահունչ վերանորոգման կարիք ունին։
Անոնց փոխարինման յանկերգը շատոնց սպառած է ինքզինք։
Մարտահրաւէրը անոնց վերանորոգման մէջ է։
Իսկ եթէ պետականութիւնը, որ կուզէ վերահսկել, ինքը կը վերահսկւի օտար ուժի կողմից։ Կամ անկախութեան աստիճանը դեռ բաւարար չէ կազմակերպ կառոյցները անվերապահ դնել վերահսկւողի վերահսկումի տակ։ Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ կրօն, մէկ մշակոյթ, մէկ վերահսկող… կամ նորանոր բացարձակ արժէքների փաթեթը՝ պետականութիւն, բանակ, արդարութիւն, ազգայնական…. որոնք մէջտեղ են եկել փոխարինելու Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան քաղաքական պահանջին եւ Ընկերվարական ու Ժողովրդավարական կառավարման գաղափարախօսական առաջադրանքներին, սահմանափակ, անհեռանկար եւ զգացական ու հուզական ոլորտից են։ ՄԵՐ (ՀՅԴ) Ծրագրային ձեւակերպումներն ու պահանջները մնում են ամենահամապարփակն ու ամբողջականը, որոնցում ներառեալ է եւ բանակը, եւ արդարութիւնը, եւ մշակոյթն ու կրթութիւնը, եւ տնտեսական համաչափ զարգացումն ու մարդու ազատագրումը բնութեան ուժերից եւ….