
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի օրինակին հետեւելով՝ Ծերակոյտի լիագումար նիստը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27ին վաւերացուցած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրնը նշանակելու նախագահ Պարաք Օպամայի որոշումը:
«Հակառակ այն իրողութեան, որ կը շարունակենք յուսախաբ մնալ ծերակուտականներու կողմէ կարգ մը հարցումներուն Հեֆըրնի պատասխաններէն, սակայն յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն, մօտէն պիտի աշխատակցինք նոր նշանակուած դեսպանին հետ, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները ընդարձակելու նպատակով», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ մօտ դեսպան նշանակուած Ֆրենսիս Ռիքարտոնէի հարցը ցարդ Ծերակոյտի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ չէ դրուած, հակառակ անոր նշանակումը արագացնելու նպատակով բանեցուող ճնշումներուն:
Յիշեցենք, թէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Հեֆըրնի ու Ռիքարտոնէի նշանակումները նոյն օրը վաւերացուցած էր: Նիւ Ճըրզիէն ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ վերջերս յայտնած է, թէ Ռիքարտոնէի նկատմամբ վստահութիւնը կորսնցուցած է, յատկապէս Թուրքիոյ մէջ գործող եկեղեցիներուն մասին անոր տուած սխալ տեղեկութիւններուն պատճառով:
Իսկ Հեֆըրն, իր հարցաքննութեան ընթացքին, անդրադառնալով 1915ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն՝ խուսափած էր «ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելէ՝ նշելով, որ այդ իրադարձութիւններուն որակումը քաղաքական որոշում է, զոր կը կայացնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Ես համաձայն եմ ձեր պնդումներուն, թէ 1915ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1.5 միլիոն հայ սպաննուած է, թէ անոնք զանգուածային սպանութիւններ եւ ցեղային զտումներ էին, եւ թէ հայերու բռնի տեղահանումներ եղած են, սակայն «ցեղասպանութիւն» որակում տալը քաղաքական քայլ է», ըսած էր Հեֆըրն:
Մենենտեզ նկատել տուած էր, որ դժուար է արդարացնել այն իրողութիւնը, որ ամերիկացի դիւանագէտներ կ՛այցելեն Հայկական Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը, սակայն չեն արտասաներ «ցեղասպանութիւն» բառը: «Մէկ կողմէ, մենք լիակատար տեղեկութիւն ունինք կատարուածին մասին, սակայն միւս կողմէ՝ կը հրաժարինք ճանչնալէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», ըսած էր ծերակուտականը:
Նշենք, որ Օպամա Մայիս 18ին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակած էր Հեֆըրնը, որուն դիւանագիտական գործունէութեան հիմնական ոլորտը եղած է արեւելեան Ասիան: Մինչեւ դեսպան նշանակուիլը, ան ՆԱԹՕի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն առաքելութեան (Պրիւքսէլ) պետի տեղակալն էր, իսկ նախապէս եղած է այդ առաքելութեան քաղաքական խորհրդատուն:
Միզուրի նահանգէն, Հեֆըրն պաշտօններ ստանձնած է Մալեզիոյ, Ճափոնի, Չինաստանի եւ Ինտոնեզիոյ մէջ: Ան պիտի փոխարինէ Մերի Եովանովիչը, որ Յունիսին Երեւանէն հեռացաւ ու ներկայիս ստանձնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի՝ Հիւսիսային ու Կեդրոնական Եւրոպայի հարցերով օգնականի պաշտօնը: