
ՍԱՆ ՓԱՈՒԼՕ.- Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ ընթացող ճատրակային «Մեծ սաղաւարտ»ի եզրափակիչ մրցաշարի երկրորդ պտոյտին, Լեւոն Արոնեան ոչ ոքի խաղաց նորվեկիացի «գրոսմայսթըր» Մակնուս Քարլսընի հետ:
Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան պաշտօնական կայքին հաղորդումով, նոյն պտոյտին ընթացքին, Վասիլի Իվանչուք պարտութեան մատնած է Վալեխօ Փոնսը, իսկ Հիքարու Նաքամուրա իր միաւորը կիսած է աշխարհի ախոյեան Վիշուանաթան Անանտի հետ:
Այսպիսով, երկրորդ պտոյտէն ետք Լեւոն Արոնեան եւ Վասիլի Իվանչուք 4ական միաւորով կը գլխաւորեն մրցաշարային աղիւսակը: Քարլսըն, Նաքամուրա եւ Անանտ վաստակած են երկուքական միաւոր, իսկ Վալեխօ Փոնս 0 միաւորով կ՛եզրափակէ մրցաշարային աղիւսակը: