ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, թէ Հոկտեմբեր 5ին, Ատրպէյճան-Ղարաբաղ սահմանի արեւելեան դիրքերու վրայ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն նահատակուած է ՊԲի զինուոր, 24ամեայ Եուրի Սարգսեան:
Նոյն օրը, Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղին մօտ, հակառակորդի դիպուկահար կրակէն վիրաւորուած են երկու զինուորներ՝ Հենրիկ Խաչատրեան եւ Խաչատուր Սուքիասեան:
Ատրպէյճանի բանակի այս սադրիչ գործողութիւններուն անդրադառնալով՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան յայտարարած է, թէ Ատրպէյճան «ոչ միայն արհամարհում է հրադադարի ռեժիմը պահպանելու միջազգային հանրութեան կոչերը, այլեւ վտանգում է տարածաշրջանի փխրուն կայունութիւնը՝ ինքնաբերաբար պատասխանատուութիւն կրելով բոլոր անցանկալի հետեւանքների համար»: