ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի մէջ կ՛աճի աղքատութիւնը, իսկ անոր հիմքը՝ զարգացում չ՛ապահովող պիւտճէն է: Հոկտեմբեր 4ին նման յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ խորհրդարանի «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան անդամ Լարիսա Ալաւերդեան: Անոր կարծիքով, 2012ի պետական պիւտճէին նախագիծը, որ արդէն իսկ ներկայացուած է խորհրդարանի քննարկման, կը շարունակէ նախորդ 12 տարիներու ամավարկներու այն բոլոր աւանդոյթները, որոնք անընդհատ քննադատուած են: Թէեւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութիւնը դեռ պաշտօնապէս չէ արտայայտած իր դիրքորոշումը պիւտճէի նախագիծին վերաբերեալ, Լ. Ալաւերդեանի կարծիքը արդէն իսկ բացասական է:
Պատգամաւորը նաեւ նշեց, որ նուազած են գրադարաններուն եւ թանգարաններուն տրուող յատկացումները, մինչ ԵՈՒՆԵՍՔՕն Երեւանը հռչակած է 2012ի Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք: Փոխարէնը՝ աւելցած են տօներու եւ յոբելեաններու հետ կապուած ծախսերը: