
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբերին, «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեց Նորվեկիոյ դեսպան Սըվէյն Աաս, որ ընդունուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի ու Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի կողմէ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային հարցեր, ինչպէս նաեւ՝ յառաջիկային Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ նորվեկիացի մեծ մարդասէր Ֆրիտիոֆ Նանսենի նուիրուած ձեռնարկներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ: