
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Մոսկուայի շրջանային դատարանը Երկուշաբթի օր հաստատեց մերձմոսկովեան Զվենիկորոտ քաղաքի փոխքաղաքապետ, 31ամեայ Կրիկորի Թաթուսեանի կալանքը։
Թաթուսեան 28 Սեպտեմբերին հսկողութեան տակ առնուած էր՝ առաւելաբար մեծ համեմատութեամբ կաշառք ստանալուն կասկածով, ապա ան առժամաբար պաշտօնէ հեռացուած էր։ Ռուսական «կազեթա.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, թէ Թաթուսեան ձերբակալուած է, իսկ դատարանը մերժած է 5 միլիոն ռուպլի գրաւին փոխարէն զայն ազատ արձակելու միջնորդութիւնը։
Անպաշտօն տուեալներու համաձայն, Թաթուսեան 33 միլիոն ռուպլի կաշառք ընդունած է՝ )նախապէս կը հաղորդուէր թէ ան «փորձած է» 33 միլիոն ռուպլի կաշառք ստանալ) հողատարածքի մը սեփականաշնորհումը ձեւակերպելու համար։ Քննիչները մանրամասնութիւններ չեն փոխանցած սոյն գործին մասին։