
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ստորեւ կը փոխանցենք «Հարփըրզ» ամսաթերթի Հոկտեմբերի թիւէն քաղուած հետաքրքրական տուեալներ.
– Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի ու «Հարփըրզ»ի միացեալ մէկ ուսումնասիրութեան, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ներկայ պարտքին 71 տոկոսը գոյացած է հանրապետական նախագահներու իշխանութեան օրերուն:
– Պետական տուեալներու համաձայն, 1960էն ի վեր յաւելեալ պարտք վերցնելու որոշումները ստորագրած նախագահներուն երկու երրորդը հանրապետական եղած են:
– Ուաշինկթըն հաստատուած Քաղաքական ռազմավարութեան հիմնարկին տուեալներով, մինչ ամերիկեան հսկայ ընկերութիւնները իրենց ապահոված շահին 40.6 տոկոսը իբրեւ տուրք կը յանձնէին կառավարութեան, այդ համեմատութիւնը ներկայիս գրեթէ քառորդի իջած է՝ հասնելով 10.5 տոկոսի:
– Ըստ «Ճէյ.Փի. Մորկըն» հիմնարկին կատարած մէկ ուսումնասիրութեան, 2001էն ի վեր ամերիկեան ընկերութիւնները իրենց շահերու աճին 75 տոկոսը ապահոված են՝ «շնորհիւ» աշխատավարձքերու կրճատումներուն:
– Ուսումնասիրական «Փիու» հիմնարկին համաձայն, 2005էն ի վեր, սպիտակամորթ ընտանիքներու հարստութիւնը 16 տոկոսով նուազած է, մինչ սպանախօսներուն մօտ այդ անկումը 66 տոկոսով եղած է:
– Ըստ «Կելոփ» հիմնարկին, անցեալ տարի, ուտեստեղէն գնելու համար բաւարար դրամ չունցող ամերիկացի քաղաքացիներուն համեմատութիւնը բարձրացած է 18.2 տոկոսի:
– «Տրամաբանութեան համար պայքարող տուրք վճարողներ» կազմակերպութեան տուեալներով, մինչեւ 2015, ամերիկեան կառավարութիւնը աւելի քան 78 միլիառ տոլարի օժանդակութիւններ կը յատկացնէ քարիւղի ու կազի մարզին:
– Ըստ «Կելոփ»ին դարձեալ, ամերիկացիներուն 23 տոկոսը «մեծ հաւատք» ունի դրամատուներու նկատմամբ, սակայն այդ համեմատութիւնը 12 տոկոս է Քոնկրեսի հանդէպ վստահութեան պարագային: