ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Առաջին տպաւորութիւնը խաբուսիկ էր եւ հրատարակութիւնը իրականացնողներուն հիմնական նպատակն ալ բնականաբար այդ տպաւորութիւնը ստեղծելն էր: Բայց տպաւորութիւնը կը չքանայ կողքին իսկ վրայ տպուած յօդուածներու խորագիրներուն ընթերցումով, կ՛ամրագրուի յօդուածագիրներուն եւ հրատարակութեան խմբագրութեան ու խորհրդատու կազմին ծանօթացումով, եւ ի յայտ կու գայ, որ ինքզինք իբրեւ ակադեմական լուրջ հրատարակութիւն ծախել փորձող այս պարբերականը պարզապէս քաղաքական աժան նպատակներ հետապնդող վատորակ արտադրութիւն մըն է:
Խօսքը «Review Of Armenian Studies» խորագրուած կիսամեայ հրատարակութեան մասին է (296 էջ), որուն 23րդ թիւը՝ տպուած այս տարուան Օգոստոսին, նոր հասած է խմբագրատուն:
Խմբագիր Էօմեր Լիթեմ, իր առաջնորդող յօդուածին մէջ ցաւ կը յայտնէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին կողմէ կատարուած այն յայտարարութեան մասին, որ հայութեան նոր սերունդին կը վստահէր Արեւմտեան Հայաստանի վերամիացումը Հայաստանին:
Խմբագիրը նաեւ հեղինակած է առաջին յօդուածը, որ կ՛անդրադառնայ այս տարուան առաջին կիսամեակին ընթացքին հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ արձանագրուած գլխաւոր իրադարձութեանց՝ սկսելով Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքի քննարկման մերժումէն ու հասնելով մինչեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան քննարկումներուն եւ Ապրիլ 24ի ոգեկոչումներուն: Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Եաշար Եաքիս քննարկած է ցեղապաշտպական եւ օտարատեաց արտայայտութիւններ կատարողները պատժելու մասին Եւրոմիութեան օրէնքները, որոնց մէջ կ՛իյնան նաեւ ցեղասպանութիւններու ուրացումը քրէականացնող յօդուածներ, մինչ դոկտ. Տենիզ Ալթընպաշ ուսումնասիրած է Եւրոմիութեան մէջ հայասէր գործունէութիւն տանող շրջանակները՝ զանոնք թրքական կազմակերպութեանց ապագայ հակաքարոզչական արշաւներուն թիրախ դարձնելու նպատակով: Ապա, դոկտ. Քեմալ Չիչեք անդրադարձած է 1930ականներուն Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած վնասուց հատուցումներու համաձայնութեան, եւ պնդած, թէ անոր «շնորհիւ»՝ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն ունեցող հայերը կորսնցուցած են Թուրքիայէն վնասուց հատուցում պահանջելու իրաւունքը:
Վերջապէս, Մաքսիմ Կաուին կը շարունակէ տասնամեակներ առաջ սկսած ուրացման այն արշաւը, որ կ՛առնչուի Հայկական Ցեղասպանութեան առաջնորդներէն Թալէաթ փաշայի հեռագիրներուն:
Պարբերականի աւարտին կայ նոր հրատարակութեանց ցանկ մը: Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ ընդհանրաապէս Հայկական Հարցը ուրանալու Թուրքիոյ պաշտօնական քաղաքականութիւնը գիտական արմատներու վրայ դնելու փորձին մէկ մասնիկը կազմող սոյն հրատարակութեան նպատակները բարեբախտաբար շատ թափանցիկ են. արագ ընթերցում մը ցոյց կու տայ, թէ անգլերէնով եւ բնականաբար Արեւմուտք թիրախ ունեցող այս պարբերականին յօդուածագիրները նոյնիսկ անգլերէն լեզուին չեն կրցած տիրապետել: