ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Հարաւային Ափրիկէի մէջ յայտարարած է, թէ Իսրայէլ Միջին Արեւելքի մէջ «սպառնալիք» մըն է բոլոր երկիրներուն համար, որովհետեւ իր տրամադրութեան տակ ունի հիւլէական ռումբեր։ Էրտողան դարձեալ Իսրայէլը քննադատած է անցեալ տարուան Մայիսին Կազա ուղղուող «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին դէմ իր կատարած յարձակումին համար՝ Իսրայէլը ամբաստանելով Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար պաղեստինեան հողամասերուն վրայ «միջազգային ահաբեկչութիւն» կատարելու յանցանքով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.