
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6ին, երեք շաբաթէ ի վեր տեղի ունեցող «Գրաւէ՛ Ուոլ Սթրիթը» բողոքի մեծագոյն ցոյցերէն մէկը տեղի ունեցաւ, երբ հազարաւոր անձեր Նիւ Եորքի մէջ հաւաքուեցան եւ դէպի քաղաքի ոստիկանատուն ուղղուեցան՝ բողոքելու համար իրենց նկատմամբ ոստիկանութեան վերաբերմունքին դէմ։ Մինչ «Գրաւէ՛ Ուոլ Սթրիթը» շարժումի անդամները սպառնացին մինչեւ ձմեռ շարունակել իրենց նստացոյցը, արշաւը ընդարձակուելով իր մէջ ներառած է Լոս Անճելըսը, Սան Ֆրանսիսքօն, Պոսթընը, Ֆիլատելֆիան եւ Շիքակօն։
Ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Թեքսասի, Ֆլորիտայի, Միզուրիի, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի եւ այլ շրջաններու մէջ:
Ցուցարարները կը բողոքեն ընկերային անարդարութեան դէմ, բացագանչելով՝ «Պատերազմները մէկդի ձգենք», «Կեդրոնական դրամատան վերջ դնենք» եւ «Տուրքերը հարուստներէն առէ՛ք», միաժամանակ դատապարտելով «Ուոլ Սթրիթի անյագութիւնը»։
Ցոյցերուն սկսած են մասնակցելու նաեւ կարգ մը աշխատաւորական միութիւններ: