ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հաճնոյ հայրենակցական միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հաճնոյ հերոսամարտի 91րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, Հոկտեմբեր 16ին հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն պիտի կատարուի հերոսամարտի նահատակներու հոգիներուն համար, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: Պիտի պատարագէ ու քարոզէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան: Ապա, եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեճաշ՝ ճիտապուրի օրհնութիւն եւ մատուցում: Մուտքը ազատ է:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 2215 E. Colorado Blvd., Pasadena, CA 91107: