ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի եւ Ֆրանսայի նախագահներ Իլհամ Ալիեւ եւ Նիքոլա Սարքոզի Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7ին, Պաքուի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին քննած են համագործակցութեան հեռանկարներ եւ տարածաշրջանային շարք մը հարցեր, հաղորդած է Ատրպէյճանի նախագահի համացանցային պաշտօնական կայքը:
Կողմերը նաեւ կարծիքներ փոխանակած են միջազգային հիմնախնդիրներու շուրջ: