ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
ՉՈՐՐՈՐԴ ԺԱՄԱՆԱԿԱՀԱՏՈՒԱԾ

«Դրօշակ»ի չորրորդ ժամանակահատուածը կը սկսի 1986ին եւ վերջ կը գտնէ 2005ին: Այս հանգրուանին ՀՅԴ կեդրոնական պաշտօնաթերթին խմբագրութեան պաշտօնը կը վարէ Նազարէթ Պէրպէրեանը:
«Դրօշակ»ի թուղթի չափը 27×20.5 սմ. է, իսկ թուղթի որակը՝ ճերմակ փայլունի զարնող, ծաւալը երբեմն 42, երբեմն 50 կամ 74 էջով:
1986 թուականին դարձեալ վերահրատարակուող «Դրօշակ»ի մէջ գաղափարականութեան սկզբունքի կիրառման հաւաստիքը հանդէս կու գայ հետեւեալ տողերով. «Գաղափարական ամբողջ ժառանգութիւն մը վերանորոգելու դաշնակցական յանդգնութիւնը թափ կու տայ մեր աշխատանքին՝ իբրեւ ներշնչման անխառն ու վարար աղբիւր»:
«Դրօշակ»ի չորրորդ վերահրատարակման մէջ կ’իյնայ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ վերիվայրումներու հանգրուանը, ի մասնաւորի Տէր Պետրոսեանական իշխանութիւններու հակադաշնակցական բուռն արշաւը:
Այսպէս, 1992 Յունիս 29ին Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 25րդ Ընդհանուր ժողովը կը խափանուէր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Դաշնակցութիւնը բացէ ի բաց հալածելու կեցուածքով: Նոյն տարուան Հոկտեմբերին Ընդհանուր ժողովը իր աշխատանքները կը շարունակէր Փարիզի մէջ:
Այդ օրերուն Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթը ընդհանրապէս կընդգծէր «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» գաղափարաբանութեան կիրառումը, անկախութիւնը Հայաստանի ճգնաժամային վիճակին համար քաւութեան նոխազ դարձնող մտայնութեան դէմ քարոզչութեան զօրացումը, մեր աւանդական պահանջատիրութեան՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականով յստակօրէն արտայայտուելու, եւ հայ մարդուն իր երկրին մէջ ինքնիշխան ապրելու իրաւունքը: Ու դեռ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման արծարծումը: Միաժամանակ ՀՅԴ ծրագրի եւ քաղաքական ուղեգիծի ընկերային եւ ազգամշակութային սկզբունքային մտածողութիւնը: Մէկ խօսքով՝ դաշնակցական ընկերվարական հասկացողութիւնները գիտագաղափարական հիմնաւորմամբ պարզաբանելով, անոր գաղափարախօսական, համամարդկային ու միաժամանակ մեր ազգային իրականութիւնը հայ ժողովուրդին ներշնչելու անհրաժեշտութիւնը:
Անշուշտ, միաժամանակ չմոռնալ նոյն ժամանակահատուածին Արցախի ազատագրական պայքարի ամբողջ իրադարձութիւնները, որոնք մեզի ներկայացուած են, ինչպէս նաեւ պաշտօնաթերթի վերջին էջերուն մէջ զետեղուած արցախեան գոյապայքարին նահատակ ազատամարտիկներուն կենսագրականներն ու մտածումները:

Այս ժամանակահատուածին բովանդակութեան բաժիններն են.- «Խմբագրական», «Մեր ուղին», «Հհշական խարխափումներու դէմ», «Հհշական ելոյթներ», «Դաշնակցութեան հետ», «Մեր ընդդիմախօսները եւ մենք», «Հայաստանի նախագահական ընտրութիւնները», «Հայաստան եւ խորհրդային քաղաքականութիւնը», «Փաստաթուղ»չ, «Թղթածրար», «Հայաստանի անկախութեան հետ», «Փաստագրութիւն», «Ազգային մտահոգութիւններ», «Երիտասարդական ձայներ», «Գաղափարական հարցեր», «Արցախեան պահանջատիրութիւն», «Հայրենական հոգեր», «Դրօշակի գրադարան», «Անդրադարձ», «Անձինք նուիրեալք», «Քաղաքական տեսութիւն», «Թուրքիոյ շուրջ», «Դաշնակցականի մտքեր», «Յուշեր», «Այբուբեն», «Մեր հարցազրոյցները», «Կազմակերպական հարցեր», «Դէպի երկիր» եւ այլն:
Վերոնշեալ բաժիններուն մէջ յօդուածներ ստորագրած են հայրենիքէն եւ Սփիւռքէն մտաւորականներ Էտիկ Յովհաննէսեան, Հրայր Մարուխեան, Բաբգէն Փափազեան, դոկտ. Բաղդիկ Մինասեան, Լեւոն Շիրինեան, Նազարէթ Պէրպէրեան, Գէորգ Պէլեան, Արա Խանճեան, Հրաչ Տասնապետեան, Արտաշէս Շահբազեան, Ռուբինա Փիրումեան, Սօս Սարգիսեան, Ռուբէն Յովսէփեան, Ա. Գ., Սիւզան Խարտալեան, Վահէ Օշական, Ժիրայր Ղարիպեան, Խաժակ Տէր Գրիգորեան, Իգոր Մուրատեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Ժաննա Գալստեան, Աբօ Պօղիկեան, Ծովակ Աւագեան, Վարանդ Փափազեան, Արամ Սարգսեան, Սեդօ Պոյաճեան, Յակոբ Պալեան, Սարմէն Ղահրամանեան, Վաչէ Բրուտեան, Զօրայր Խալափեան, Վրէժ-Արմէն Արթինեան, Յարութիւն Քիւրքճեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Սէյրան Բաղդասարեան, Միհրան Քիւրտօղլեան, Հրայր Կարապետեան եւ ուրիշներ:
Միւս կողմէ, «Դրօշակ»ի կարգ մը թիւերուն կցուած են ֆրանսերէն նաեւ ազգային-կուսակցական-գաղափարական ու գաղափարախօսական նիւթերու շուրջ յօդուածներ:
«Դրօշակ»ի այս ժամանակահատուածին վերջին քանի մը տարիները՝ 2002, 2003, 2004, 2005 հրապարակուած են եռամսեայ դրութեամբ գիրքի տեսքով, եւ ամէն մէկ թիւ առանձին խորագիրով կը յատկանշուի, սակայն անմիջապէս յիշեցնենք նոյն այս խորագիրը առնուած է մէջի յօդուածներէն մէկու մը վերնագրէն, օրինակ՝ «Պետութեան հզօրացման հաստատակամութեամբ», «Ճշմարտութեան պահը», «Անկախ Հայաստանը եւ Դաշնակցութեան անելիքը» եւ այլն:
«Դրօշակ»ի այս գիրքերուն չափը եղած է 23×16.5 սմ., իսկ թուղթին որակը՝ ճերմակ, ծաւալը՝ 152 էջ:
Եռամսեայ այս թիւերուն բովանդակութեան գլխաւոր վերնագիրներ են՝ «Դաշնակցական բեմ», «Հայ դատ», «Պատմութեան հետ», «Արխիւային», «Ազգային հոգեր», «Գաղափարաբանութիւն», «Տարածաշրջան», «Տնտեսութիւն», «Փաստագրութիւն» եւ այլն: Իսկ յօդուածագիրներն են՝ Լեւոն Մելիք-Շահնազարեան, Արտակ Մաղալեան, Էդուարդ Յարութիւնեան, Մկրտիչ Մկրտիչեան, Վահան Յովհաննէսեան, Սամուէլ Էւոյեան, Նազարէթ Պէրպէրեան, Հայկ Դեմոյեան, Գագիկ Սողոմոնեան, Թամար Վարդանեան, Վլադիմիր Մանասեան, æուլիետա Յովհաննէսեան, Աւօ Գաթրճեան եւ ուրիշներ:
Չորրորդ ժամանակահատուածին մէջ կարեւոր է ընդգծել երկու հիմնական կէտ.
ա.- Թէեւ «Դրօշակ»ի շուրջ հաւաքուած կը տեսնենք դաշնակցական եւ հայրենի շատ մը մտաւորականներ, նոյնիսկ երբեմն կարդացած ենք խմբագրական կազմի մասին, սակայն թերթը կը զատորոշուի իր մէկ խմբագիրով՝ Նազարէթ Պէրպէրեանով:
բ. Անցեալ շրջանէն եկած գաղափարական շատ խոր գրութիւնները սփիւռքեան գրիչներէ, կը վերափոխուին հայրենի մտաւորականութեան հակակշռին տակ եւ հոս երեւան կու գան մասնագիտացած եւ գիտական բնոյթ ունեցող յօդուածներ:
Բնականաբար այս ժամանակահատուածը, որպէս բարձր մակարդակով ժառանգ, առնուած սփիւռքեան եւ յատկապէս լիբանանահայ մտաւորական գրիչներէ, կը հասնի իր գագաթնակէտին եւ դաշնակցական ամէն միջավայրի մէջ կը փնտռուի «Դրօշակ»ը, մանաւանդ այսօրուան հետ համեմատած՝ դաշնակցական մամուլի ուշադրութեան կարժանանայ, այն իմաստով, որ աւելի արտատպումներ կը կատարուին դաշնակցական մամուլի մէջ: Կարժէ յիշել նաեւ լեզուի գործածութեան բարձր մակարդակը, թէեւ հայրենի մտաւորականութեան հետ միասին կը բազմանայ գործածութիւնը ռուսերէն բառերուն, ինչպէս էր պարագան առաջին եւ երկրորդ ժամանակահատուածներուն:
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆի կողմէ «Դրօշակ»ի մասին պատրաստուած ուսումնասիրութեան վերջին բաժինն է այս հատուածը: