ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ըստ Ատրպէյճանի պետական տուեալներուն, 2012 տարուան ընթացքին, երկրին ռազմակaան ամավարկը պիտի ըլլայ 1.77 միլիառ տոլար, ինչ որ նախորդ տարուան հետ բաղդատած՝ 1.2 տոկոսի աճ մը կը կազմէ:
Ատրպէյճանի ռազմական ծախսերը երկրին ամբողջ ամավարկին 14.8 տոկոսը կը կազմեն: Այս համեմատութիւնը 1.9 տոկոսով պիտի աճի, բաղդատած 2011ի համեմատութեան:
Բաղդատականի մը համար յայտնենք, թէ 2012ի Հայաստանի կառավարութեան ընդհանուր ամավարկը 2.5 միլիառ տոլար է: