Նազարէթ Պէրպէրեան
Քալեցին…
Բայց քայլերուն մէջ երենց կար թախիծ մը խոր,
Տառապանքի դալկութիւն մը մահածոր,
Անապատի մը անգոյն աւազներուն մէջ մարող
Արեգակի մը վերջին նշոյլներու սարսուռով…
Քալեցին…
Բայց քայլերուն մէջ իրենց կար նահանջ մը լուռ,
Դէպի անցեալ ճախրելու թռիչք մը հրթիռ,
Ինչպէս վտիտ ու տժգոյն մահամերձի մը անլոյս
Վերջին գալարումը ապարդիւն դէպի կեանք ու արեգակ…
Քալեցին…
Բայց քայլերուն մէջ իրենց կար աշխարհ մը այլ,
Անցեալի մը ամբողջ յիշատակները մռայլ,
Եւ ընթացքի մէջ իրենց՝ նկարագիր մը տարբեր,
Դէպի հորիզոններ անծանօթ ճանապարհ մը ինքնուրոյն…
Քալեցին…
Բայց քայլերուն մէջ իրենց օտարութիւն մը կար սեւ,
Դէպի ընթացքը մարդուն, դէպի երգը պատմութեան.
Եւ նիւթապաշտ, եսապաշտ միջավայրի մը դիմաց
Քայլերն իրենց գծեցին նոր աշխարհներ հրաներկ…
Քալեցին…
Բայց քայլերուն մէջ իրենց անորոշութիւն մը կար մէգ,
Եւ ձանձրոյթ մը կար ահեղ՝ հոգիներուն արհաւիրք,
Ու շփոթութեան մը մէջէն հոգիները այդ ծարաւ
Կը քալէին դէպի վեր դէպի երազ մը անհաս…
* * *
Դիտեցին…
Եւ նայուածքին մէջ իրենց կար ժպիտ մը հեգնախառն,
Ունայնութիւնը ձաղկող՝ կեանքի ծաղրանք մը խայթող,
Ուր ահասարսուռ անցեալ մը կը նիրհէր,
Եւ մենութիւն մը դաժան…
Դիտեցին…
Եւ աչքերուն մէջ իրենց ատրուշան մը կար արեւ,
Անյագ ծարաւի բոցեր հրաթեւ,
Եւ մարմինները հուժկու բոցերուն մէջ այդ անմար,
Կը վառէին զերթ սրբազան ողջակէզ…
Դիտեցին…
Եւ նայուածքին մէջ իրենց բառեր կային հրավառ,
Որպէս լաւա ցասումի ու որպէս պոռթկում,
Կեանքի մը դէմ անորոշ, կեանքի մը դէմ ամայի,
Ուր մենութիւն մը կար մուգ, մենութիւն մը հոգիի…
Դիտեցին…
Եւ նայուածքին մէջ իրենց ցասում մը կար անկաշկանդ.
Դէպի մարդերը անբան, անբանօրէն նիւթացած,
Եւ աչքերը իրենց բոց, մարմիններուն դէմ այդ հին՝
Հորիզոնի մը սեւեռ՝ կը վառէին ցասումով…
* * *
Ու վառեցին…
Լռութեան մէջ իրենց դաժան մենութեան,
Արեւավառ ջահերու մէջ անհամար,
Նոր երազի մը համար
Դաշտերու պէս վառեցին սրտերն իրենց բովանդակ…
Ու վառեցին
Եւ հոգիները իրենց տառապանքի մէջ աճած,
Հեռուներու լոյսերով պատսպարել փորձեցին,
Եւ նետեցին անխռով աշխարհները իրենց բոց
Ովկիաններուն անսահաման, ալիքներուն աննուաճ…
Ու վառեցին…
Եւ մարդուն սէրը անհուն, ներքին աշխարհը վսեմ,
Հոգիներու մէջ դրուած կամուրջները հնամաշ,
Ուխտաւորներն այդ դալուկ՝ վրէժի ու ցասումի
Ամբողջական ցասումով, ամբողջովին այրեցին:
12 Նոյեմբեր 1967