Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական այցելութեան հիմնական նպատակներէն մէկն է մղում տալ Հայ Դպրոցի զարգացման ու բարգաւաճման, միաժամանակ գնահատանք արտայայտել մեր վարժարաններուն մատուցած ծառայութեանց մասին, թափ տալ Հայ Դպրոցին եւ անոր ծածկին տակ իրագործուող հայեցի կրթութեան ծրագիրներուն։ Հովուապետական այցելութեան առաջին իսկ օրէն, վեհափառը այս առաջադրանքը հանգամանօրէն արտայայտեց իրերայաջորդ հանդիպումներու, ձեռնարկներու եւ այցելութիւններու ընթացքին իր ուղղած պատգամներուն մէջ, իսկ առաջին գործնական քայլը եղաւ անոր այցելութիւնը՝ Ազգ. Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարան, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12ի առաւօտուն, բացումը կատարելով նմանօրինակ այցելութիւններու շարքի մը։ Վեհափառին կ՛ընկերանային առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, գաւազանակիր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, հոգեւորականաց դասու ներկայացուցիչներ, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Րաֆֆի Մանուկեան եւ Ֆրենք Քինթերօ, Ազգ. վարչութեան, խնամակալ մարմինի եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէի ներկայացուցիչներ եւ վարժարանի ծնողներէն հոյլ մը։
Վարժարանի մուտքին, աշակերտները դէմ դիմաց շարք կազմած էին ի պատիւ վեհափառին ու շքախումբին: Վեհափառը նախ կատարեց աղ ու հացի աւանդական օրհնութիւնը, ապա զինք դիմաւորող տնօրէն Վազգէն Մատէնլեանի, դաստիարակներուն, անձնակազմին եւ աշակերտներուն իր օրհնութիւնները բաշխելով, ուղղուեցաւ վարժարանին բակը. դիմաւորողներուն շարքին էր վարժարանին ճակատը զարդարող հայկական եռագոյն մը, որուն վրայ արձանագրուած էր՝ «Հայերէն Խօսինք»…
Բակին մէջ համախմբուած աշակերտները, դաստիարակներն ու հիւրերը ծափողջոյններով արտայայտեցին իրենց ուրախութիւնը։ Դիմաւորումին մասնակից էին Ազգ. «Թաւլեան» եւ «Թիւֆէնքեան» մանկամսուրներուն տնօրէնուհիներն ու ուսուցիչները, իսկ մանկամսուրներուն աշակերտները աւելի ուշ միացան սրահին մէջ ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիրին։
Տնօրէնը արտասանեց ողջոյնի հակիրճ խօսք մը. ան վարժարանին համար «կրկնակօրէն պատմական օր» որակեց վեհափառին այցելութիւնը, տրուած ըլլալով, որ ան նաեւ պիտի կատարէր վարժարանի նոր մարզարանին հիմնաքարի օրհնութիւնը, իրագործման ճամբու մէջ դնելով տարիներու երազ մը։ Ապա, ան հրաւիրեց առաջնորդը, որպէսզի ներկայացնէ վեհափառը։
Առաջնորդը ուրախութեան ու հպարտանքի առիթ նկատեց վեհափառի օրհնաբեր այցելութիւնը, յիշեցնելով, որ հովուապետական այժմու այցելութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկն է Հայ Դպրոցը։ Ան վեր առաւ դաստիարակներուն ու ծնողներուն գուրգուրացողի դերը, որ կը զօրացնէ հայ դպրոցը։ Ապա, ան հրաւիրեց «բոլորիս ուսուցիչը, տնօրէնն ու հայրը» եղող հայրապետը, որպէսզի ուղղէ իր պատգամը։
«ԴՈՒՔ ՊԻՏԻ æԵՐՄԱՑՆԷՔ
ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ»
«Արեւը կը լուսաւորէ ու կը ջերմացնէ բոլորս, աշխարհն ու մարդկութիւնը։ Առանց արեւի, խաւար ու մութ կ՛ըլլայ։ Մարդկային կեանքին համար, արեւը կենսական նշանակութիւն ունի, իսկ հայ կեանքի արեւը՝ հայ դպրոցն է. առանց հայ դպրոցին, մեր ազգային կեանքը խաւարի կը մատնուի», ըսաւ վեհափառը ու խօսքը աշակերտներուն ուղղելով՝ շարունակեց. «Դուք կոչուած էք ըլլալու հայ կեանքի արեւը։ Այս վարժարանէն դուք պիտի առնէք մեր մշակոյթին ու ազգային ոգիին ջերմութիւնը, եւ երբ մեծնաք՝ մեր ազգային կեանքը պիտի լուսաւորէք ու ջերմացնէք այդ արեւով։ Հայ Դպրոցը ձեզի կը փոխանցէ մեր եկեղեցւոյ ու ազգային կեանքի հարստութիւնները, իտէալները, որպէսզի դուք դառնաք մեր ազգային կեանքի արեւը, լոյս ու ջերմութիւն տարածէք մեր կեանքին մէջ»։ Ան բարձր գնահատեց բոլոր այն ծնողները, որոնք հայկական դպրոցին վստահած են իրենց զաւակներուն հոգիներուն եւ միտքերուն հարստացման գործը, եւ կոչ ուղղեց ոչ-հայկական վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու ծնողներուն, որ հայկական դպրոցի ջերմութեան առաջնորդեն իրենց զաւակները, որովետեւ «օտար դպրոցին մէջ հայ մանուկն ու պատանին կ՛օտարանան ու կը պարպուին հայկական արժէքներէ»։ Վերջապէս, վեհափառը գնահատանք արտայայտեց տնօրէնութեան, դաստիարակներուն եւ անոնց բոլոր գործակիցներուն, վարժարանի բարերարներուն ու բարեկամներուն։
ՀԻՄՆԱՔԱՐԻ ՕՐՀՆՈՒԹՒԻՆ
Բոլորին ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը կրկնապատկուեցաւ, երբ կաթողիկոսը կատարեց վարժարանի մարզարանին հիմնաքարին օրհնութիւնը։ Արարողութիւնը կատարուեցաւ վարժարանի արեւելեան կողմի բակին մէջ։ Աղօթակից էին առաջնորդը, միաբան ու քահանայ հայրեր։ Առաջնորդը, տնօրէնը, Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի երկու ներկայացուցիչները մասնակից եղան օրհնուած հիմնաքարերուն զետեղման։
Հիմնօրհնէքի արարողութեան աւարտին, վեհափառն ու շքախումբը, տնօրէնին եւ ուսուցչական կազմի ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, այցելեցին երկու դասարաններ։ Սարօ Նազարեան գործնական բացատրութիւններ տուաւ դասարաններուն մէջ օգտագործուող ուսուցման արդիական սարքերուն՝ «Smart Board»ին մասին։ Վեհափառը գոհունակութիւն արտայայտեց արդիական սարքերու օգտագործման համար, սակայն նաեւ շեշտեց, որ մեքենական սարքերը ոգի չեն փոխանցեր, «ոգի փոխանցողը ուսուցի՛չն է»։ Եւ իբրեւ գործնական արտայայտութիւն՝ ոգեղէն արտայայտութեամբ ի՛նք ընթերցեց ցուցատախտակին վրայ տեղադրուած՝ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ ամուշ Հայաստանի…» բանաստեղծութենէն երկու տուն։
Շքախումբը անցաւ հայերէնի դաստիարակներէն Անի Պէրպէրեանի դասարանը, որ այդ պահուն կրօնի դասապահ ունէր։ Վեհափառը հարցումներ ուղղեց աշակերտներուն, պատասխանեց անոնց հարցումներուն, եւ որ օրհնութիւնն ու գնահատանքը շնորհեց ներկաներուն։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՄԹՆՈԼՈՐՏ՝
ԵՐԳԵՐՈՎ
Սրահ ուղղուելէ առաջ, վարժարանի տնօրէնութիւնը պատշաճ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպած էր հիւրերուն համար։ Ապա, վեհափառն ու շքախումբը մուտք գործեցին սրահ, ուր հիւրընկալ վարժարանին ու մասնակից մանկամսուրներուն աշակերտները գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը պատրաստած էին։
Աշակերտները, մանուկ թէ պատանի, խումբ առ խումբ բեմ բարձրացան եւ մթնոլորտը ծաղկեցուցին երգերու փունջով մը, հայ երգի մթնոլորտը տարածելով սրահին մէջ։ Առաջին երգն էր «Հայրապետական Մաղթանք»ը իսկ եզրափակիչ երգերը՝ «Կիլիկիա»ն եւ «Ի Վեհ Բարձանց» մաղթերգին «Պահեա ով Տէր անսասն» համարը։ Միւս երգերը՝ հայ լեզուն, հայ դպրոցը գովերգող՝ ջերմացնող պատառիկներ էին։
Գեղարուեստական յայտագիրին աւարտին, վարժարանի փոխտնօրէնուհի Ռիթա Գաբրիէլեան, ողջոյնի հակիրճ խօսքէ մը ետք, յայտարարեց, թէ աշակերտներուն ներկայացուցիչները յուշանուէր մը ունին վեհափառին։ Նորին Ս. օծութիւնը, իր կարգին, յուշանուէր մը յանձնեց աշակերտներուն։ Հոգեխռով հանդիպումը վերջ գտաւ վեհափառին «Պահպանի»չով։