Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան Մտահոգութեան Գլխաւոր Առարկան՝ «Մեսրոպեան» Վարժարանի Նիւթական Վիճակի Բարելաւումն Է
ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ.- Սուրբ Խաչ Մայր տաճարը Մոնթեպելլոյի եւ շրջանի հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնն է։ Եկեղեցւոյս հովանիին ներքեւ կը գործեն՝
1.- Մեր հոգեւոր հայրերը՝ տէր Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան եւ տէր Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան
2.- Հոգաբարձական կազմ
3.- Տիկնանց օժանդակ մարմին
4.- Պատանեկան խումբ
5.- Կիրակնօրեայ վարժարան
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Կրնա՞ք ամփոփ կերպով պատմել Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան մասին. ե՞րբ, ո՞վ էր այն ժամանակուան առաջնորդը, հովիւը, հոգաբարձութիւնը:
ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ.- Եկեղեցւոյս առաջին հոգեւոր հովիւը եղած է Ատոմ քհնյ. Մելիքեան, որ որպէս նորընծայ քահանայ 1917ին պաշտօնը ստանձնելով՝ կազմեց հոգաբարձութիւն, դպրաց դաս եւ ամէն Կիրակի պատարագեց ու քարոզեց Լոս Անճելըսի Եպիսկոպոսական եկեղեցիներէն մէկուն մէջ։ Եկեղեցւոյ շէնքի չգոյութիւնը եւ այդ պատճառաւ տեղէ տեղ փոխադրութիւնը, մինչեւ իսկ Ս. Ծննդեան տօնի մը առաւօտուն սրահի մը վերնատան մէջ Ս. պատարագ մատուցանելու հարկադրանքը, մղեցին հովիւն ու հոգաբարձութիւնը անմիջական աշխատանքի։
1921ի Յունուարին, հանգանակութիւն կատարուեցաւ, ապա տէր Ատոմ քահանայ քանիցս շրջեցաւ Միացեալ Նահանգներու զանազան գաղութներ եւ դժուարին պայմաններու մէջ կրցաւ հանգանակել շուրջ 21,000 տոլար։ Եկեղեցւոյ հիմնարկութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ 1922, Մարտ 26ին, ձեռամբ Վարդան Ծ. վարդապետ Գասպարեանի։ Շէնքի յատակագիծը պատրաստած էին Պուրնուզեան եղբայրները։
Օծման արարողութիւնը կատարուեցաւ 1923ին, ձեռամբ Տիրայր Ծ. վարդապետ Մարգարեանի։ Եկեղեցին անուանակոչուեցաւ Հայց. Առաքելական Սուրբ Խաչ եկեղեցի, եւ կը գտնուէր Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը՝ 420 East 20th Street.
Մեծ է Ատոմ Ա. քհնյ. Մելիքեանի երախտիքը Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ համայնքին եւ շէնքին հիմնարկութեան մէջ։
Եկեղեցւոյ առաջին հոգաբարձական կազմէն կը յիշուին Գրիգոր Ալթունեան, Անդրանիկ Գաբրիէլեան եւ Գրիգոր Մանկիկեան, որպէս հիմնադիր անդամներ։
Դպրաց դասը կը կոչուէր «Թորգոմեան» երգչախումբ՝ ղեկավարութեամբ դպրապետ Օննիկ Սարըգըզեանի, իսկ սարկաւագ Խորէն Փափազեան կը ծառայէր սուրբ խորանին վրայ։
1961 Յունուարին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին հրաւիրուեցաւ Սմբատ վրդ. Լափաճեան, որ աւելի քան 13 տարիներ, մեծ նուիրումով ծառայեց եկեղեցւոյս եւ հայ համայնքին, ապա ընտրուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջին առաջնորդ:
Ներկայիս Սուրբ Խաչ Մայր տաճարը փոխադրուած է Մոնթեպելլօ։ Մայր տաճարի շինութեան մէջ մեծ դեր ունեցած է Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեան։ Մայր տաճարի շինութիւնը աւարտեցաւ Սեպտեմբեր 1981ին եւ օծումը կատարուեցաւ ձեռամբ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Նոյեմբեր 11, 1984ին:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Հոգաբարձութեան տարեկան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները կրնա՞ք ներկայացնել: Ծուխը քանի՞ հոգիէ կը բաղկանայ՝ ժողովական կեանքը, ներկայի հոգաբարձութեան կազմը, պիւտճէն, պիւտճէն գոյացնելու միջոցները, համայնքին հետ յարաբերութիւնները, ծուխը մեծցնելու ու համայնքը ներգրաւելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները:
ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ.- Հոգաբարձութեանս գործունէութիւնը կ՛ընթանայ ըստ թեմիս կանոնագիրին, առաջնորդ սրբազան հօր՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային վարչութեան ցուցմունքներուն։ Հոգեւոր հայրերու եւ հոգաբարձութեան հիմնական ուղղութիւնը կը կայանայ մեր քրիստոնէական հաւատքի եւ Աստուծոյ փրկագործութեան խորհուրդի տարածման։ Եկեղեցւոյս տրատու անդամներուն թիւը 350 է: Կ՛ունենանք տարեկան մէկ անդամական ժողով, որուն առաջարկները հոգաբարձութիւնը պարտաւոր է գործադրելու։
Ներկայ հոգաբարձական կազմը հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ.
Գոհարիկ Գաբրիէլ՝ ատենապետ Կարպիս Աշըգեան՝ ատենադպիր Սանտրա Մահսէրէճեան՝ գանձապահ:
Իսկ տոքթ. Անդրանիկ Քէլլէեան, Կարօ Արշակունի, Յարութիւն Կիւլլաբեան, Տէյվիտ Մոլոյեան, Շիրազ Սաւոյեան, Արման Սէմէրճեան՝ խորհրդականներ:
Հոգեւոր հայրերու եւ հոգաբարձութեան հետ առընթեր, եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանը Կիրակի առաւօտները, իսկ Պատանեկան խմբակը՝ Ուրբաթ երեկոները, կ՛ունենան իրենց շաբաթական հաւաքները։
Տարին մէկ շաբաթով, «Լուսաշող Ճամբար»ի մէջ մեր պարման-պարմանուհիները կը սորվին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաւանանքի աղօթքներն ու ուսուցումները։ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Եղբայրակցութեան անդամներ շաբաթը երկու անգամ կը կատարեն քարոզախօսութիւն, իսկ Ուրբաթ երեկոները տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Գրոց սերտողութիւն՝ Գրիգոր Մսրլեանի առաջնորդութեամբ։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Հոգաբարձութիւնը ի՞նչ ծրագիրներ ունի՝ յառաջիկայ տարիներուն իրականանցելիք: Համայնքի ապագան ինչպէ՞ս կը տեսնէք: Ի՞նչ կը կարծէք պէտք է ըլլայ եկեղեցւոյ ու հոգաբարձութեան դերը՝ համայնքին կեանքը աշխուժացնելու եւ հայապահպանման գործը ամուր հիմերու վրայ դնելու տեսկէտէն: Ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ Սուրբ Խաչի հոգաբարձութիւնը:
ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ.- Հոբաբարձութեան անմիջական ծրագիրը 90ամեակի տօնակատարութեան առթիւ Մայր տաճարի ներքին վերաշինութիւնն է, օրինակ՝ գորգերու փոփոխութին, պատերու ներկ, եւ այլն: Նոյնպէս՝ հոգելոյս Սմբատ արք. Լափաճեանի նախկին գրասենեակը նորոգելու եւ զայն վերածելու թանգարան-գրադարանի, ուր պիտի ամփոփուին սրբազան հօր կրօնական գիրքերու հաւաքածոն եւ թանկարժէք յիշատակելի իրերը:
Ինչպէս վերեւը յիշեցի, եկեղեցւոյս եւ հոգաբարձութեան դերը քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդումն է, մանաւանդ՝ մեր նոր սերունդին մէջ։ Այս կապակցութեամբ հոգաբարձական կազմը մեծ մասամբ երիտասարդներէ կազմուած է։
Մայր տաճարի գլխաւոր մարտահրաւէրը ուղղուած է Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի նիւթական վիճակի բարելաւման եւ աշակերտութեան թիւի յաւելման, համագործակցութեամբ տնօրէն Սեդօ Պոյաճեանի եւ Տնտեսական յանձնախումբին։
Հայապահպանումի գործին մէջ Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանը ունի հիմնական դեր։ Նոյնպէս, հոգաբարձութեան երկրորդ մարտահրաւէրը կը կայանայ Մոնթեպելլոյի պետական վարժարանները յաճախող հայ աշակերտութիւնը հրաւիրելու եւ Սուրբ Խաչ Մայր տաճարի ընտանիքին միացնելու գործին մէջ։
Եկեղեցւոյս անգլիախօս հաւատացեալներուն սուրբ պատարագի արարաղութիւնը հասկնալի դարձնելու նպատակաւ, աղօթքներու թարգմանութիւնը հեռատեսիլի պաստառներու միջոցաւ կը ներկայացուի։ Ասիկա միջոց մըն է իրենց մասնակցութիւնը ապահովելու Կիրակի առաւօտները սուրբ եւ անմահ պատարագին։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ձեր մասին պատմեցէք: Ե՞րբ եկած էք Ամերիկա, ուրկէ՞. ձեր մասնագիտութիւնը, ձեր ընտանիքը… Ե՞րբ սկսած էք հասարակական գործի:
ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ.- Ծնած եմ Գահիրէ, Եգիպտոս։ Գահիրէի բժշկական համալսարանը աւարտելէ ետք, Գանատայի վրայով եկած են Միացեալ Նահանգներ, 1966ին։ Միզային ճամբաներու մասնագիտութիւնս ստացած եմ Օհայօ նահանգին մէջ, ուր շուրջ տասը տարի ապրելէ եւ աշխատելէ ետք, ընտանեօք փոխադրուած ենք Մոնթեպելլօ, 1978ին։
Կինս՝ Լիւսին, եւ ես ունինք 3 զաւակ եւ 2 թոռնիկ։ 1978էն ի վեր կը ծառայենք Սուրբ Խաչ Մայր տաճարին։