
ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանահայ համայնքի ականաւոր դէմքերու մասին 2003 թուականին Թեհրանի մէջ լոյս տեսաւ Ժանէթ Լազարեանի խմբագրած «Հանրագիտարան Իրանահայոց» գիրքը՝ պարսկերէնով, որ բարեփոխումներէ ետք, վերահրատարակուեցաւ 2008 թուականին: Ժանէթ Լազարեան նկատել տուաւ, որ մօտ օրէն լոյս պիտի տեսնէ այս հանրագիտարանին հայերէն թարգմանութիւնը, Երեւանի մէջ:
«Հանրագիտարան Իրանահայոց» գիրքին հայերէն թարգմանութեան մեկենասն է իրանահայ գործարար Լեւոն Ահարոնեան, նախաբանը գրած է Արման Մելիքեան, թարգմանիչն է Ճորճ Աբրահամեան, իսկ սրբագրութիւնը կատարած է Լիա Իւանեան:
Յիշեալ գիրքին հայերէն օրինակի լոյս ընծայման մտայղացումն ու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան, եւ թարգմանական աշխատանքը պիտի իրականացուի Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան միջոցով, եւ պիտի ընդգրկէ շարք մը բարեփոխումներ:
Նշենք, որ Հայաստանի սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն կողմէ գիրքը պիտի հրատարակուի, Երեւանը 2012ին Գիրքի միջազգային մայրաքաղաք հռչակուելուն առթիւ: