
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Հայաստանի մէջ պիտի բացուի չինական բժշկութեան կեդրոն մը: Այդ մասին որոշում կայացած էր անցեալ տարի: Առողջապահութեան նախարարութեան մօտ Հոկտեմբեր 17ին ստորագրուած է այդ կառոյցին ստեղծման եւ հայ-չինական բժշկագիտական ու առողջապահական համագործակցութեան մասին փաստաթուղթ:
2011-2015ին աշխատանքային ծրագիրով նախատեսուած է, որ երկու երկիրները պիտի աշխատին առողջապահութեան տարբեր բնագաւառներու մէջ՝ ուռուցքաբանութիւն, արիւնաբանութիւն, մարզական բժշկութիւն, դեղագործութիւն…: Կողմերը նաեւ պիտի իրականացնեն գիտակրթական ծրագիրներ ու պիտի կատարուին աշխատանքային խումբերու փոխայցելութիւններ: Յառաջիկայ օրերուն պիտի յստականայ նաեւ հայ-չինական բժշկական կեդրոնին նախագիծը:
Չինական բժշկութիւնը արդէն յաջողութիւններ արձանագրած է ուռուցքային հիւանդութիւններու եւ արեան քաղցկեղի բուժման բնագաւառներուն մէջ, ոչ միայն չինական ճարտարագիտութիւններու, այլեւ չինական դեղերու կիրառումով: Իսկ Հայաստանի մէջ, ուր կը ստեղծուի տարածաշրջանային ուռուցքաբանական կեդրոն, կրնայ զուգահեռաբար կիրառուիլ նաեւ չինական յաջող փորձը: