
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Մոնթեպելլոյի Հայ համայնքին հոգեւոր ի՞նչ ծառայութիւններ կը մատուցէք եկեղեցիէն ներս: Եկեղեցին ունի՞ աւետարանի սերտողութեան, խորհրդատուութեան ծառայութիւններ մատուցելու հնարաւորութիւններ:
ՀՈՎԻՒՆԵՐ (Տէր Աշոտ եւ տէր Նարեկ միասնաբար պատասխանած են մեր հարցարանին:).- Նախ կու գանք շնորհակալութիւն յայտնելու «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան, որ այս պատեհ առիթը ընծայեց մեզի տեղեկութիւններ փոխանցելու հոգեւոր հովիւներուս Ս. Խաչ Մայր տաճարէն ներս մեր հոգեւոր ծառայութեան եւ աշխատանքներու մասին։
Որպէս հոգեւոր հովիւներ եւ խոնարհ ծառաներ մեր եկեղեցւոյ եւ մեր համայնքին, կանոնաւորաբար կը կատարենք մեր եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ տնօրինուած բոլոր ծիսական արարողութիւնները, գոհացում տալով մեր հաւատացեալներու հոգեւոր կարիքներուն, ինչպէս նաեւ օգտակար ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք կարիքը ունին խորհրդատուութեան։
Եկեղեցիէն ներս շաբաթը երեք օր ունինք Սուրբ Գրոց սերտողութիւններ, շատ համեստ թիւով ներկաներու մասնակցութեամբ, որոնց տարիքը կը տարուբերի 50-80ի միջեւ։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Համայնքի մասնակցութիւնը եկեղեցական կեանքին ինչպէ՞ս կը գնահատէք: Ի՞նչ աշխատանքներ կը տանի՞ք եկեղեցական կեանքին մէջ ներգրաւելու աւելի մեծ թիւով անդամներ:
ՀՈՎԻՒՆԵՐ.- Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ եղած է աւանդապահ եւ եկեղեցասէր։ Ինչպէս ամէն տեղ, մեր գաղութին մէջ եւս մեր ժողովուրդը իր մասնակցութիւնը կը բերէ եկեղեցական աշխատանքներուն, բարոյապէս եւ նիւթապէս օժանդակելով՝ պայծառ պահելու եկեղեցին։
Եկեղեցին ինք ժողովուրդն է եւ այս գիտակցութեամբ է, որ հովիւներ եւ ժողովուրդ միասնաբար գործելով, կ՛աշխատինք նոր անդամներով բազմացնել մեր եկեղեցին եւ զանազան ձեռնարկներով ապահովել անոնց մասնակցութիւնը եկեղեցական կեանքէն ներս։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Հնարաւորութիւն ունի՞ք ժողովուրդին հետ եկեղեցիէն դուրս շփուելու, անոնց հոգեւոր կարիքներուն ընդառաջելու:
ՀՈՎԻՒՆԵՐ.- Հոգեւորականը գրասենեակի մէջ նստող պաշտօնեայ մը չէ, ուստի եկեղեցիէն դուրս մեր առօրեայ այցելութիւնները կու տանք մեր ծխականներուն, հիւանդանոցներ կ՛այցելենք, տարեցներու հետ շփումներ կ՛ունենանք, եւ կը հասնինք բոլոր անոնց, որոնք հոգեւոր կարիքներ ունին։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Երիտասարդները եկեղեցի կու գա՞ն: Մոնթեպելլոյի մէջ կա՞ն աղանդաւոր խումբեր, որոնք առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներու հոգեորսութեամբ կը զբաղուին: Անոնց դէմ կը պայքարի՞ք:

ՀՈՎԻՒՆԵՐ.- Շատ լաւ հարցում է եւ՝ տեղին: Կ՛ապրինք դարաշրջան մը երբ արտա-եկեղեցական այնպիսի ճոխ միջավայրեր կան ուր երիտասարդութիւնը կը նախընտրէ յաճախել եւ հաճոյք ստանալ։ Ճմշարիտը ըսելով, երիտասարդութիւնը այսօր բացակայ է եկեղեցիէն ինչ-ինչ պատճառներով. կրօնական դաստիարակութեան պակաս, ծնողներու անտարբերութիւն, ընկերային շրջանակ եւ զանազան այլ պատճառներ։ Անշուշտ պատճառաբանութիւն կ՛ըլլայ թէ «եկեղեցւոյ աղօթքները չենք հասկնար, արարողութիւնները երկար են, գրաւիչ եւ քաշողական ոչինչ կայ անոնց մէջ»։ Անշուշտ այս բոլորը պատճառաբանութիւններ են, եթէ փոքրիկը կամ երիտասարդը իր ծնողքէն քաջալերանք չէ տեսած, կիրակնօրեայ վարժարան չէ յաճախած, հոգեւոր դաստիարակութիւն չկայ, անշուշտ թէ երիտասարդը հեռու պիտի պահէ ինքզինք եկեղեցիէն։
Փառք Աստուծոյ, որ այսօր ունինք որոշ թիւով պատանիներ ու երիտասարդներ, որոնք կը յաճախեն կիրակնօրեայ վարժարան, կը ստանան քրիստոնէական դաստիարակութիւն, կը ծանօթանան մեր եկեղեցւոյ պատմութեան, կը սորվին մեր եկեղեցւոյ շարականները եւ կը ծանօթանան ծիսական արարողութեանց խորհուրդին։
Աղանդաւորները ամէն տեղ են ինչպէս եւ հոս՝ մեր գաղութին մէջ։ Մեր պարտականութիւնն է զգուշացնել մեր հաւատացեալները այս աղանդներու քանդիչ քարոզչութենէն, որ ոչ միայն հոգին կը սպաննէ այլ եւ ընտանիքներ կը քանդէ, երկպառակութիւն ստեղծելով ընտանիքի մը յարկէն ներս։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Իբրեւ Հոգեւոր հովիւներ կրնա՞ք թուել ձեր պարտականութիւնները եւ պատասխանատուութիւնները:
ՀՈՎԻՒՆԵՐ.- Իբրեւ հովիւներ Ս. Խաչ Մայր տաճարի, մեր պարտականութիւնն է մօտէն հետաքրքրուիլ ծխականներու հոգեւոր կեանքով, հաղորդակից ըլլալ իրենց նեղութեանց եւ ուրախութեանց, հոգ տանիլ եկեղեցւոյ պայծառութեան, եկեղեցական արարողութիւններն ու խորհուրդները կատարել Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ օրէնքներուն եւ կանոններուն համաձայն։ Նաեւ՝ այցելութիւններ տալ ծխական համայնքի զաւակներուն, այցելել հիւանդներուն, կարօտեալներուն եւ սգաւորներուն ու մխիթարել զանոնք, հոգածու ըլլալ կիրակնօրեայ վարժարանին եւ հսկել կրօնա-դաստիարակչական աշխատանքներուն, աշխատիլ եկեղեցւոյ անդամներու թիւը բազմացնել եւ սէր ու համերաշխութեան ոգի սերմանել բոլորին միջեւ։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ձեր մասին կենսագրական ամփոփ տեղեկութիւններ կու տա՞ք: Երբ սկսած էք ծառայել Սուրբ Խաչ տաճարին մէջ:
ՀՈՎԻՒՆԵՐ, ՏԷՐ ՆԱՐԵԿ Ա. ՔՀՆՅ. ՓԵՀԼԻՎԱՆԵԱՆ. աւազանի անունով Պերճ, ծնած եմ Պէյրութ, Լիբանան։ Յաճախած եմ Հայաշէն թաղի Թորգոմեան վարժարանը ապա քաղաքի Ս. Նշան վարժարանը։
Փոքր տարիքէս յաճախած եմ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի, ուր ծառայած եմ որպէս դպիր եւ 1974ին ստացած եմ սարկաւագութեան աստիճան։
Աշխատած եմ Լիբանանի մօտ Ամերիկեան Հիւպատոսարանի USIA բաժանմունքին մէջ, մինչեւ 1976 թուականը։
1985ին ընդունուած եմ դպրեվանք, եւ 1986 թուականի Յուլիս 6ին ձեռնադրուած եմ քահանայ, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Արտաւազդ արք. Թռթռեանի եւ ծառայած Լառնաքայի եւ Լիմասոլի եկեղեցիներուն, որպէս հոգեւոր հովիւ։ Նոյն ժամանակ դասաւանդած եմ կրօնք եւ հայոց պատմութիւն Նիկոսիոյ, Լառնաքայի եւ Լիմասոլի «Նարեկ» վարժարաններուն մէջ։
1990 թուականին եկած եմ Ամերիկա որպէս հոգեւոր հովիւ Connecticut-ի New Britain քաղաքի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ, ապա որոշ ժամանակ մը Vancouver քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։
1995ին վերջնականապէս հաստատուած եմ Քալիֆորնիա եւ ծառայած եմ Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ, Փասատինայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ եւ այժմ, 2004 թուականէն ի վեր, կը ծառայեմ Ս. Խաչ Մայր տաճարին։
ՏԷՐ ԱՇՈՏ ՔՀՆՅ. ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆ, Աւետիս Գամպուրեան եւ Արաքսի Իգնատոսեան ամոլի երկրորդ զաւակը, ծնած եմ Հալէպ, աւազանի անունով Զաւէն, ունիմ երկու քոյր եւ մէկ եղբայր։
Նախնական ուսումս ստացած եմ Պէյրութի Նուպարեան Ազգ. վարժարանին մէջ։
1967-1968 տարեշջանին ընդունուած եմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, յետոյ յաճախած եւ աւարտած եմ Պէյրութի Կենաց Երկրորդական վարժարանը։
Փոքր տարիքէս եղած եմ դպիր, ուրարակիր, ծառայելով Պէյրութի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյն ժամանակ յաճախած եմ Կիրակնօրեայ վարժարան որպէս աշակերտ եւ ապա ուսուցիչ, իմ մէջս զարգացնելով եկեղեցւոյ ծառայելու ոգին։
1984ին ծնողքիս հետ հաստատուած եմ Լոս Անճելըս, եւ շարունակած եմ ծառայութիւնս Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ որպէս ուրարակիր եւ ապա սարկաւագ։
1989ին ամուսնացած եմ Անի Տէքէրմէնճեանի հետ, եւ բախտաւորուած երկու մանչ զաւակներով՝ Աւօ եւ Արմանտ։
Եկեղեցւոյ ծառայութեան սէրը զոր մանկութենէս ստացած էի շնորհիւ իմ ծնողքիս՝ զիս մղեց ծառայելու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ որպէս քահանայ։ Առաջնորդ սրբազան հօր տնօրինումով մեկնեցայ Լիբանան եւ դպրեվանքէն ներս հետեւեցայ քահանայական դասընթանցքներու։
Վերադառնալով Լոս Անճելըս, Աստուծոյ նախախնամութեամբ Նոյեմբեր 2000 թուականին քահանայ ձեռնադրուեցայ ձեռամբ առաջնորդ սրբազան հօր՝ բարձրաշնորհ տէր Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, նշանակուելով հոգեւոր հովիւ Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ։
2004 թուականէն ի վեր որպէս հոգեւոր հովիւ կը ծառայեմ Ս. Խաչ Մայր տաճարի մէջ, հասնելով համայնքի հաւատացեալներու հոգեւոր կարիքներուն։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ձեր փորձառութենէն մեկնելով քահանայ դառնալու փափաք ունեցող երիտասարդի մը ի՞նչ խորհուրդ կրնաք տալ:
ՀՈՎԻՒՆԵՐ.- Հունձքը առատ է բայց մշակները քիչ: Իսկապէս որ մեր եկեղեցին կարիքը ունի քահանաներու, որոնք անձնազոհութեամբ նուիրուին սրբազան այս առաքելութեան։ Սիրելի երիտասարդներ, ձեր կեանքը նուիրեցէք Աստուածահաճոյ այս առաքելութեան, ձեր հաւատքի ընդմէջէն նուիրուեցէք ձեր եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտին մէջ եւ երբեք մի վհատիք, այլ Աստուծոյ խօսքի տարածման ընդմէջէն ծառայեցէք ձեր ժողովուրդին եւ ազգին։