
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցեալ Ուրբաթ, 14 Հոկտեմբերին, «Ասպարէզ»ի կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին ի պատիւ կազմակերպուած ճաշկերոյթին ընթացքին, ազգային կառոյցներու ու վարժարաններու կատարած իրենց բարերարութիւններով յայտնի տէր եւ տիկին Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեանները 25,000 տոլար նուիրեցին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի կեդրոնատեղիի մէկ բաժինին վերանորոգման նպատակին:
Օսկօ Կիրակոսեան այս նուիրատուութիւնը կատարեց ի յիշատակ իր աներձագին՝ հասարակական գործիչ Տարօն Աւետիսեանին, անոր մահուան երկրորդ տարելիցին առիթով: Աւետիսեան մահացած էր Հալէպի մէջ: