ԵՐԵՒԱՆ.- «Մե՛նք ենք այս քաղաքին տէրը» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը պարզած է, որ Ուսանողական այգիին մէջ, Տէրեան փողոցին կողմէ կառուցուող հսկայական շինութիւնը կը պատկանի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի թիկնազօրի պետ Վաչէ Ղազարեանի կնոջ՝ Ռուզաննա Բեգլարեանին:
Ռուզաննա Բեգլարեան Ուսանողական այգին կառուցապատող «Արմէն» ընկերութեան հիմնադիրը դարձած է 2009ին: Այդ նոյն ժամանակահատուածին, այգիին մէջ մեծ թափ ստացած են ծառահատումներն ու շինարարութիւնը:
Տարիներ շարունակ այգիի տարածքին գործող սրճարանը դարձած է քանի մը յարկանի շինութիւն՝ գրաւելով մօտ երկու անգամ աւելի մեծ տարածք, քան Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ տրամադրուած ճարտարապետական յատակագծային առաջադրանքով նշուած մակերեսը:
Կառուցապատման հետեւանքով, խախտած են քաղաքացիներուն առողջ եւ բարենպաստ միջավայրի մէջ ապրելու ու հանգիստի իրաւունքները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի շարք մը օրէնքներ ու միջազգային պարտաւորութիւններ:
Հայաստանի նախագահին, գլխաւոր դատախազին եւ Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ անտեսուած են 20,000 քաղաքացիներու կողմէ ուղղուած դիմումներ, իսկ Հայաստանի բոլոր ատեաններուն դատարանները մերժած են 116 քաղաքացիներու հայց: ՀՀ Սահմանադրական դատարանը մերժած է նաեւ քննել «Մե՛նք ենք այս քաղաքի տէրը» քաղաքացիական նախաձեռնութեան ներկայացուցիչներուն դիմումը:
«Այս բացայայտմամբ պարզ դարձաւ՝ ո՛ւմ հովանաւորութեան պատճառով էր, որ ՀՀ քաղաքացիներին չյաջողուեց օրինական հիմքերով եւ եղանակներով կանխել Ուսանողական այգու ոչնչացումը: Փաստօրէն, ՀՀ նախագահը դարձել է Երեւանում հանրային տարածքների գրաւման ու անօրինական կառուցապատումների փաստացի «տանիք»», կը նշուի «Մե՛նք ենք այս քաղաքի տէրը» քաղաքացիական նախաձեռնութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։