ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Մուամմար Քազաֆիի սպանութիւնը «բռնատէրերուն ուղղուած ուժեղ պատգամ մըն է, թէ՝ մարդիկ կ՛ուզեն ազատ ըլլալ, եւ ղեկավարները պէտք է յարգեն քաղաքացիներուն ձգտումները»։
Օպամա նաեւ ըսաւ, որ Քազաֆի 40 տարի ահ ու սարսափի մթնոլորտի մէջ իշխեց եւ «Արաբական գարուն»ի ճամբով անոր առիթ տրուեցաւ դէպի ժողովրդավարութիւն խաղաղ փոխանցում մը կատարելու, «սակայն զայն չօգտագործեց»։
Օպամա աւեցուց, որ տեղի ունեցածը լիպիացիներուն համար «երկարատեւ ու ցաւալի հանգրուանի մը աւարտն է եւ ցուցանիշ մը, թէ շրջանին մէջ երկաթեայ բռունցքի վարչակազմերը դատապարտուած են անհետացման»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ՆԱԹՕն Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդին հետ երկրին մէջ իր ռազմական առաքելութեան երկարաձգման շուրջ խորհրդակցութիւններ պիտի կատարէ: Փոխանցման խորհուրդը յայտարարած էր, որ կը փափաքի ՆԱԹՕի առաքելութիւնը առնուազն երկու ամիսով երկարաձգել։
Իր կարգին, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ յայտարարեց, որ ՆԱԹՕ կը փորձէ շահագործել լիպիացի ժողովուրդին յեղափոխութիւնը՝ տիրանալու համար Լիպիոյ հարստութեանց: «Քազաֆիին սպաննեցին, որպէսզի դատավարութեան ընթացքին եւրոպական պետութեանց հետ իր կապերը չբացայայտուի: Եթէ ան դատի ենթարկուէր, այս հարցերէն շատերը պիտի բացայայտուէին», աւելցուց ան։