
ԱՆԳԱՐԱ, «Ակունք».- Թուրքիոյ մէջ Նոյեմբեր 4ին կը սկսի հայերու եւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը իրականացնողներէն՝ կերասունցի (գիրեսունցի) Օսման աղայի մասին շարժապատկերի պատրաստութեան աշխատանքները: Օսման աղան առաւելապէս յայտնի է Թօփալ Օսման անունով: Շարժապատկերի նկարահանման համար յատկացուած է 2 միլիոն թրքական լիրա: Դերասանական կազմը բաղկացած է 30 հոգիէ:
Մինչեւ 1914 անյայտ աւազակախումբի մը ղեկավարը եղած Օսմանը, Հայոց Ցեղասպանութեան նախապատրաստութիւններու ընթացքին կ՛ընդգրկուի Յատուկ կազմակերպութեան մը («Թաշքիլաթ Մահսուսա») ղեկավարներուն կողմէ: Օսման ստանձնած է Սեւծովեան շրջանը հայերէն մաքրելու գործը: Բանտերէն ազատուած մարդասպաններէ բաղկացած իր աւազակախումբով, ան մասնակցած է Արտուինի եւ անոր շրջակայքի հայ եւ յոյն բնակչութեան բռնագաղթի գործողութեանց եւ սպաննած է բազմաթիւ հայեր:
1919ին, Հայոց Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ Պոլսոյ ռազմական ատեանին կողմէ հետաքննութեան մէջ գտնուող Թօփալ Օսման, Հաւզայի մէջ հանդիպած է Սամսուն ժամանած Մուսթաֆա Քեմալի հետ: Այդ հանդիպումէն ետք, սուլթան Ուահիտետին չեղեալ յայտարարած է Թօփալ Օսմանը ձերբակալելու հրամանը. Օսման դարձած է Ազգային իրաւունքի պաշտպանութեան կազմակերպութեան մը (Muhafaza-i Hukuk-u Milliye Cemiyeti) Գիրեսունի մասնաճիւղի նախագահը: Այս նոր կարգավիճակով, ան յաջողութեամբ իրականացուցած է Մուսթաֆա Քեմալի ընդդիմադիրները ճնշելու գործը, որմէ ետք ստանձնած է Սեւծովեան շրջանը յոյներէն «մաքրելու» պարտականութիւնը: Թօփալ Օսման Պոնտոսի յոյները ջարդած է՝ զանոնք ենթարկելով աներեւակայելի չարչարանքներու եւ խոշտանգումներու, զանոնք ողջ-ողջ թաղելով իրենց իսկ փորած գերեզմաններուն մէջ, կամ մաշկազերծ ընելով զանոնք:
1916-1923 թուականներուն Պոնտոսի մէջ սպանուած է առնուազն 60 հազար յոյն: