
ՎԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 23ին Վանի ցնցող աւերիչ երկրաշարժը ճաք պատճառած է Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթին: «Էրմենիհապեր» լրատուական կայքը Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան աղբիւրներէն քաղած է այս տեղեկութիւնը:
«7.2 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժի հետեւանքով Վանի եւ շրջանի բազմաթիւ գիւղերու մէջ հարիւրաւոր շէնքեր փլած են, որոշ գիւղեր՝ ամբողջութեամբ աւերուած: Այսօրուան դրութեամբ, երկրաշարժի հետեւանքով զոհերուն թիւը կը գերազանցէ 550ը»: