
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, «Ժառանգութեան» մրցանակը պիտի շնորհէ երկարամեայ համայնքային գործիչ Յակոբ Պաղտասարեանին, Հայ Դատին ու ամերիկահայ համայնքին մատուցած անոր սպասարկութեան փոխարէն:
Յակոբ Պաղտասարեան ծնած է Մարտ 30, 1948ին, Թեհրան, եւ զաւակն է Պետրոս եւ Մարուշ Մալիք Պաղտասարեաններուն: Իր չորս քոյրերուն՝ Նորայի, Էմմայի, Ռիմայի եւ Ասիայի հետ, ան հասակ նետած է Թեհրանի մէջ: Յաճախած է տեղւոյն «Քուշեշ» հայկական վարժարանը, մինչեւ 15 տարեկան, երբ իր հօր անակնկալ մահուան պատճառով կը պարտադրուի ստանձնելու անոր աշխատանքին պատասխանատուութիւնը՝ պահպանելով իր հօր արդար ու անկեղծ գործարարի վարկը, միաժամանակ գործի կարելիութիւններ հայթայթելով Թեհրան նոր ժամանող հայորդիներու:
1973ին, ան ամուսնացած է Հիլտա Ոսկանեանի հետ՝ բախտաւորուելով երկու զաւակներով՝ Փիթըր եւ Գեւիկ, իսկ 1979ի Իրանի իսլամական յեղափոխութենէն ետք, ան ընտանիքով գաղթած է Միացեալ Նահանգներ՝ հաստատուելով Լոս Անճելըս:
Իր չորս ճաշարաններէն առաջինը՝ «Մասիս քեպապ»ը, Կլենտէյլի մէջ բանալով՝ ան յաջողութիւն կը գտնէ, նպաստելով իր ընտանիքին ու միաժամանակ հայ համայնքի բնարօրութեան:
Ներկայիս ան Հայ կրթական հիմնադրամի վարչութեան անդամ է ու կը մասնակցի հայկական զանազան կազմակերպութեանց, ներառեալ՝ ՀՄԸՄի, ՀՕՄի, Հայկական աչքերու հոգատարութեան ծրագիրի աշխատանքներուն եւ միաժամանակ գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Հայաստանի, Արցախի ու æաւախքի մէջ վարժարաններ նորոգելու կամ կառուցելու ջանքերուն:
2005ին ան Արցախի նախագահ Արկադի Ղուկասեանէն ստացաւ «Երախտագիտութեան» մրցանակը, իսկ 2006ին, Հայ կրթական հիմնադրամի վարչութիւնը զինք պատուեց իբրեւ իր «Ամենաարժէքաւոր անդամ»ը: 2010ին, ՀՕՄի æաւախքի հիմնադրամը եւս մեծարեց զինք եւ նոյն տարին, ան «Կիլիկեան ասպետ»ի շքանշան ստացաւ Արամ Ա. կաթողիկոսէն:
Ընտանիքին, հաւատքին ու ամերիկահայ համայնքին նուիրուած Յակոբ Պաղտասարեանի համար ամենահաճելի պահերը՝ իր թոռնիկներուն՝ Էնթընիին, Մայքըլին, Ճանին ու Ճորճին, հետ անցուցած պահերն են:
«Յակոբ Պաղտասարեան փայլուն օրինակ մըն է հանրային սպասարկուի մը, որ առատաձեռնօրէն իր ժամանակն ու ուժը տրամադրած է հայ համայնքին, եւ սպասարկելու այս սէրը կրցած է փոխանցել իր զաւակներուն եւ թոռնիկներուն, որոնք վստահաբար իր ժառանգութիւնը վառ պիտի պահեն երկար տարիներով», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Փաթիլ Աբոշեան-Գասպարեան:
Շաբաթ, Նոյեմբեր 26ին, երեկոյեան ժամը 7ին սկսող Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Եունիվըրսըլ Սիթիի «Շերըթըն» պանդոկին մէջ: Ձեռնարկի տոմսերուն սակը 200 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար յատուկ զեղչ պիտի տրամադրուի:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.anca.org/wrbanquet կայքը: