
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կիրակի, Հոկտեմբեր 23ին, Վանի մէջ պատահած աղիտալի երկրաշարժը պատճառ դարձաւ, որ միջազգային լրատուամիջոցներ Վանի մասին իրենց լրատուութիւններուն մէջ յիշեն նաեւ այն իրողութիւնը, թէ Վան հայկական հնագոյն մայրաքաղաք մը եղած է եւ տակաւին հոն հետքեր կան հայոց քաղաքակրթութենէն ու մշակութային հարուստ ժառանգութենէն։ Այդպիսի լրատուութիւն մը ունի նաեւ ֆրանսական «Լա Քրուա» պարբերականը, որ Վանի մասին կը պատմէ հետեւեալը.
«Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններէն Վանի մէջ պատահած երկրաշարժի զոհերուն մեծամասնութիւնը քիւրտ է։ Վանի տարածքին քիւրտեր հաստատուած են 1915ին, հայ բնակչութեան Ցեղասպանութենէն ետք։ Հայեր դարեր շարունակ կը բնակէին այդ հողատարածքին վրայ։
«Անատոլուի մեծագոյն լիճը՝ Վանայ լիճը, հին դարերուն Հայաստանի «ծովերէն» մէկն էր եւ կը գտնուէր հին Հայաստանի կեդրոնը։ Միջնադարուն, նոյնիսկ Վանայ լիճի ափին կը գտնուէին արքայի ու կաթողիկոսի նստավայրերը։
«Հնագոյն Վարագայ վանքը, ուր Ս. Հռիփսիմէ Քրիստոսի իսկական խաչէն կտոր մը զետեղած էր, եւս կը գտնուի այդ տարածքին մէջ։ Լիճի Աղթամար կղզիին վրայ կը գտնուի հայոց Ս. Խաչ եկեղեցին )9րդ դար), որ գրեթէ հարիւրամեակ մը բարձիթողի վիճակի մէջ էր, իսկ հիմա կը գործէ որպէս թանգարան։ Աշխարհասփիւռ հայեր կը ձգտին ուխտագնացութեան երթալու Աղթամար։
«Վան քաղաքը իր 380 հազար բնակչութեամբ տեղակայուած է երկրաշարժի կեդրոնէն 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ 1915ին եղած է թրքական բանակին դէմ հայկական դիմադրութեան կեդրոններէն մէկը»։