ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, Հոկտեմբեր 28ին ընդունած է Ֆրանսայի Մոնփըլիէի ակադեմիոյ տնօրէն Քրիսթիան Ֆիլիփը եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի տնօրէն Ժօէլ լը Մոնզելեքը, եւ անոնց հետ զրոյցի ընթացքին նշած. «Մենք շահագրգիռ ենք, որ Ֆրանսիական համալսարանն իր շարունակական գործունէութեամբ, կրթութեան եւրոպական որակ եւ ստանդարտներ ապահովի Հայաստանում»:
Մոնփըլիէի ակադեմիոյ տնօրէնը, իր հերթին նշած է, որ Մոնփելըէի ակադեմիան պատրաստակամ է համագործակցիլ ֆրանսական համալսարանի եւ Հայաստանի այլ համալսարաններու հետ, մասնաւորապէս՝ Երեւանի պետական համալսարանի եւ Գիւղատնտեսական համալսարանին հետ: Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի մէջ ֆրանսական ուսումնարան հիմնադրելու, ինչպէս նաեւ հայ-ֆրանսական կրթական համագործակցութեան առնչուող այլ հարցեր: