Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիահայ գրողներու միութեան, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7ի երեկոյեան, առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Թարգմանչաց Տեսիլքը» նշանաբանի ներքեւ մշակութային-գրական ձեռնարկ, որ նուիրուած էր «Թարգմանիչ վարդապետներ»ուն: Հանդիսավարն էր արձակագիր Սարգիս Վահագն, որ առաջնորդ սրբազան հօր, հոգեւոր հայրերուն եւ գրասէր հասարակութեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին՝ ըսելով. «Կ՛ուզեմ բոլորիս գոհունակութիւնը յայտնել՝ ողջունելով ժամանակէ մը ի վեր օրինակելի համագործակցութիւնը Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմին եւ Քալիֆորնիահայ գրողներու միութեան միջեւ: Անշուշտ նորութիւն մը չէ, թէ դարերով մեր Սուրբ եկեղեցին առ ի չգոյէ մեր պետականութեան, հովանաւորած եւ հունաւորած է մեր գիրն ու գրականութիւնը, երաժշտութիւնն ու ճարտարապետութիւնը եւ դարձած ամրոց մշակոյթի»:
Ապա հակիրճ կենսագրութիւնը կարդալէ ետք, հրաւիրեց առաջին դասախօսը՝ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեանը, որուն նիւթն էր «Թարգմանիչները»:
Դաւթեան իր դասախօսութեան մէջ ըսաւ. «Կաթողիկոս Սահակ Պարթեւի հովանաւորութեամբ Թարգմանչաց շարժումը 5րդ դարում սկսելով, պայքար մղեց յունական եւ ասորական, ապա նաեւ պարսկական ազդեցութեան դէմ: Հիմնուեցին հայոց դպրոցներ, թարգմանուեցին քրիստոնէական բազմաթիւ գրքեր հայերէն, հայացուեց եկեղեցական ծիսակատարութիւնը, սկզբնաւորուեց ինքնուրոյն հայալեզու դպրութիւն, գրականութիւն: Դա եղաւ հայ ժողովրդի ազգային ինքնուրոյնութիւնը ամրացնող ու պահպանող հիմնաքարերից ամենակարեւորը: Արշակունի Վռամշապուհ թագաւորը միացաւ Սահակ Պարթեւին ու Մեսրոպ Մաշտոցին այդ ազգային պայքարում, որովհետեւ հայկական պետականութեան շահն էլ այդ էր պահանջում»:
Հանդիսավարը ընթերցեց բանաստեղծուհի Եսթեր Դաւթեանի հակիրճ կենսագրականը, ապա զինք հրաւիրեց, որ հեղինակային ընթերցումներ կատարէ: Նկատի ունենալով, որ առաջնորդ հայրը կարեւոր առաքելութեամբ մը պէտք է բաժնուէր ձեռնարկէն, հանդիսավարի հրաւէրով նախ իր գնահատութիւնը յայտնեց Քալիֆորնիահայ գրողներու միութեան, որ ամէն ամիս կանոնաւոր կերպով գրական երեկոյ կ՛ունենար Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ եւ մօտէն կը համագործակցէր առաջնորդարանին հետ, ապա իր ամփոփ խորհրդածութեան մէջ ըսաւ. «Մեր ազգի կեանքին մէջ թարգմանիչները եղած են առաջնորդող լոյսն ու ոգին, որոնց ներշնչումով ալ ստեղծուած է հայ մշակոյթը: Մեր օրերու թարգմանիչները դուք էք, որովհետեւ ձեր նուիրաբերեալ կեանքն ու գրիչը դարձուցած էք լոյսի ու ոգեղէն արժէքներու փարոսը՝ մեր համայնական կեանքին մէջ»:
Հանդիսավար Սարգիս Վահագն հակիրճ կենսագրութիւնը կարդաց երկրորդ դասախօս՝ դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանի, ապա զինք հրաւիրեց դասախօսելու «Թարգմանչաց ներդրումը Հայ եկեղեցւոյ կազմաւորման մէջ» նիւթին շուրջ:
Տէր հայրը իր բանախօսութեան մէջ ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի Ոսկեդարը, 5րդ դարուն, եղաւ հիմն ու հիմնաքարը յետագայ դարերուն՝ շրջանցելով ամէն քաղաքական փոթորիկ: «Նոր եւ սքանչելի ծնունդներ» եղան այդ 36 գիրերը, ինչպէս կ՛որակէ մեր առաջին պատմիչը՝ Կորիւն վարդապետ: Կ՛եզրափակեմ գերմանացի յայտնի հայագէտ գիտնական Եոսեֆ Մարկվարդի գնահատանքի խօսքերով, երբ համեմատութեան մէջ դնելով մեր սուրբերուն Մեսրոպի եւ Սահակի գործունէութիւնը՝ գերման յայտնի միտքի լուսաւորիչներ Պիպինի եւ Վինֆրիդի հետ՝ ըսած է. «Եթէ նկատի ունենանք այն պայմանները, որոնց ընթացքին Մեսրոպն ու Սահակ մտքի եւ հոգիի լուսաւորութիւն ներգործեցին Հայաստան, կը տեսնենք, որ Պիպինը եւ իր զինակից Վինֆրիդը խեղճ թզուկներ կ՛երեւին այդ երկու հսկաներու համեմատութեամբ», եւ կ՛աւելցնէ. «Ժողովուրդ մը, որ իր ծոցէն այսպիսի մադիկ ծնած է ու կը յարգէ զանոնք որպէս դիւցազներ, անկարելի է որ ի սպառ ջնջուի, այնքան ատեն, որ այդ ժողովուրդը կը հետեւի անոնց օրինակին»:
Հանդիսավարը ընթերցեց հակիրճ կենսագրութիւնը բանաստեղծ Գէորգ Քրիստինեանի, ապա զինք հրաւիրեց, որ հեղինակային ընթերցում կատարէ:
Երեկոյի երրորդ դասախօսն էր Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան, որուն նիւթն էր՝ «Ե. դարու Թարգմանչաց Շարժման Նկարագիրը եւ Պատգամը» (արժեւորում):
Հանդիսավար Սարգիս Վահագն նոյնպէս ընթերցեց հայր սուրբին հակիրճ կենսագրականը եւ ապա զինք հրաւիրեց դասախօսելու: Հայր սուրբը իր մասնագիտական մօտեցումով արժեւորումը կատարեց թարգմանչական շարժումին:
Հանդիսավարը ընթերցեց բանաստեղծուհի Ագնէսի հակիրճ կենսագրութիւնը եւ ապա հրաւիրեց զայն. ան աւելի հոգեւոր բնոյթով հեղինակային ընթերցումներ կատարեց, իսկ աւարտին նոյնպէս հակիրճ կենսագրութիւնը կարդաց արձակագիր Ռուբէն Կորիւնի, որ հեղինակային ընթերցում կատարեց իր կարգին:
Արձակագիր Սարգիս Վահագնի շնորհակալութեան խօսքով փակուեցաւ մշակութային-գրական ձեռնարկը, որմէ գոհ մնացին բոլոր հանդիսականները: Ապա իւրաքանչիւրին որպէս նուէր յանձնուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր հեղինակած «Մանրապատումներ Եւ Խոհեր» գիրքը, որ այս տարի տպուած է: