Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութեան Սան Ֆրանսիսքոյի հանգրուանը յատկանշուեցաւ նաեւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութեանց հետ հանդիպումներով։
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21ի յետմիջօրէին, վեհափառը այցելեց Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետարանը եւ տեսակցութիւն ունեցաւ քաղաքապետ Էտվին Լիի հետ։ Քաղաքապետին կողքին, հանդիպումին մասնակից էին քաղաքապետի օգնականներէն ու քաղաքապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Շոն Էլսպըրնտ, Շարլոթ Շուլց եւ Մարք Չենտլըր։ Վեհափառին կողքին էին առաջնորդը, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան ու թեմի ժողովականութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութեան ու հովուապետական այցելութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչները։
Մօտաւորապէս 45 վայրկեան տեւած հանդիպումին ընթացքին, վեհափառը գնահատանք արտայայտեց հայ գաղութին հետ քաղաքապետութեան շինիչ յարաբերութիւններուն ու յատկապէս Հայ Դատին ի նպաստ կեցուածքին համար։ Ան վեր առաւ մշակոյթի ու համակեցութեան տիպար քաղաք մը ըլլալու Սան Ֆրանսիսքոյի յատկանիշը, եւ գոհունակութիւն յայտնեց անոր համար, որ հայութիւնը մասնակից է քաղաքի բարգաւաճման։
Կաթողիկոսը յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւս իր պատմական հողերէն հայութեան բռնագաղթին ու Ցեղասպանութեան զոհերէն է, կը կանգնի հայութեան պահանջատիրութեան յառաջապահի դիրքերուն վրայ ու հետամուտ է ամէն տեսակի անիրաւութեան սրբագրումին, հայութեան բոլոր իրաւունքներու վերականգնումին։ «Մեր սպասումն է, որ Միացեալ Նահանգներ կանգնի արդարութեան, մեր իրաւունքներուն կողքին, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ կը հանդիսանայ մարդկային իրաւունքներու եւ արդարութեան ջատագով», շեշտեց վեհափառը, որ նաեւ ընդգծեց, թէ Ցեղասպանութեան կանխարգիլումը կենսական հրամայական է համայնքներուն համար: «Ցեղասպանութիւնը միայն անցեալին ու պատմութեան չի վերաբերիր, անիկա այժմէական հարց է ու պէտք է դիմագրաւուի լուրջ մօտեցումով», ըսաւ ան։
Քաղաքապետ Լի պատասխանեց ըսելով, որ խորապէս ուրախ է վեհափառին այցելութեան համար։ Ան աւելցուց, որ բազմազանութիւնը կարեւոր յատկանիշ է իր քաղաքին համար ու կը հանդիսանայ անոր ինքնութեան բանալի տարրը։ Հանդիպումը վերջ գտաւ յուշանուէրներու փոխանակումով։
Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ կաթողիկոսը ընդունեց այցելութիւնը Քալիֆորնիոյ փոխկառավարիչ Կեւին Նիւսըմի։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 21ի յետմիջօրէին, վեհափառին իջեւանած պանդոկի մէկ հիւրասրահին մէջ։ Ներկայ էին վեհափառի շքախումբին անդամները։
Հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, մանաւանդ, որ հովուապետական նախորդ այցելութեան օրերուն, 2005ի Հոկտեմբերին, Նիւսըմ Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետն էր ու վեհափառին իր քաղաքը այցելութեան առիթով՝ հայրապետը հիւրընկալած էր քաղաքապետարանէն ներս։
Նիւսըմ յայտնեց, թէ եկած է իր յարգանքը փոխանցելու վեհափառին, որուն հետ ունի անցեալէն եկող բարեկամութիւն։ Վեհափառը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Նիւսըմի արդարատենջ կեցուածքներուն համար՝ յիշելով, որ քաղաքապետ եղած օրերուն թէ ներկայիս, իբրեւ նահանգի փոխկառավարիչ՝ ինք կանգնած է Ցեղասպանութեան ճանաչման կողքին։
Հանդիպումի աւարտին, վեհափառն ու փոխկառավարիչը յուշանուէրներ փոխանակեցին։
Յիշեցնենք, որ աւելի քան շաբաթ մը առաջ, վեհափառը Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում ունեցած էր Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Ճերի Պրաունի հետ։