
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը, համագործակցութեամբ Հայ ուսանողներու միացեալ մարմինին (All-ASA), կազմակերպած են ասպարէզի եւ համալսարանական ուսման նուիրուած խորհրդատուական փառատօն մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 12ին, կ.ա. ժամը 11էն մինչեւ կ.ե. ժամը 4:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պըրպենքի պետական երկրորդական վարժարանին մէջ (902 North Third Street):
Խորհրդատուական փառատօնին մասնակիցները տեղեկութիւններ ու խրատներ ստանալու կարելիութիւնը պիտի ունենան զանազան ասպարէզներու մասնագէտներէ եւ համալսարաններու ներկայացուցիչներէ՝ աշխատանքի կամ համալսարան դիմելու դիմումնագիրներ ամբողջացնելու, նիւթական օժանդակութիւններ ստանալու կամ վարժողական ծրագիրներու մասնակցելու կապակցութեամբ: Խորհրդատուական փառատօնին մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել media@burbankanc.org կամ college@all-asa.org հասցէներուն: