Կիրակի, Հոկտեմբեր 16ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին Ս. պատարագի աւարտին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, հոգեւորականներու մասնակցութեամբ կատարեց տաճարի «Արմէն Համբար Ընտանիք» մուտքի օրհնութեան եւ նուիրագործման արարողութիւնը, նաեւ մեծապէս գնահատեց տէր եւ տիկին Արմէն եւ Նորա Համբարի մատուցած երկարմեայ անձնուէր ծառայութիւնները եւ կատարած բարերարութիւնները՝ Ս. Էջմիածինին, Արեւմտեան թեմին եւ բարեսիրական այլ հաստատութիւններու: Արարողութեան աւարտին, սրբազան հօր գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը, ուր սրբազանը իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց Արմէն Համբար ընտանիքին եւ յատկապէս շեշտեց, թէ Արմէն Համար, իբրեւ թեմական խորհուրդի ատենապետ, բացառիկ նուիրումով կը կատարէ իր պարտականութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.