
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Սիւզան Խարտալեան պիտի մասնակցի Հայ Դատի ղեկավարներու զարգացման անդրանիկ խորհրդաժողովին ընթացքին տեղի ունենալիք «Lights, Camera, Activate» քննարկումին, որ նուիրուած է արուեստի ճամբով Հայ Դատը պաշտպանելու կարելիութիւններուն:
Խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25էն մինչեւ Կիրակի, Նոյեմբեր 27 երկարող Գոհաբանութեան օրուան շաբաթավերջին, «Եունիվըրսըլ Շերըթըն» պանդոկին մէջ:
Սիւզան Խարտալեան բեմադրած եւ արտադրած է շարք մը վաւերագրական շարժապատկերներ, որոնցմէ վերջինն է Հայկական Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ շահագործուած հայ կիներուն նուիրուած «Grandma՛s Tattoos» գործը:
Շուէտ հաստատուած, իսկ լրագրական ուսումը Պէյրութի եւ Փարիզի մէջ ստացած Սիւզան Խարտալեան նաեւ մագիստորոսի տիտղոս ունի միջազգային օրէնքի եւ դիւանագիտութեան ճիւղին մէջ՝ «Թաֆց» համալսարանի «Ֆլեչըր» վարժարանէն, ու յօդուածներ կը գրէ զանազան թերթերու, ներառեալ՝ «Ասպարէզ»ի համար:
Ան բեմադրած է աւելի քան 20 շարժապատկերներ, որոնք ցուցադրուած են Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի տարածքին: Անոնց շարքին են՝ «Back to Ararat»ը, որ 1988ին արժանացաւ Շուէտի լաւագոյն շարժապատկերի մրցանակին՝ «Կուլտպակեն»ին, ինչպէս նաեւ «I Hate Dogs. The Last Survivor»ը (2005). երկուքն ալ Ցեղասպանութեան քննարկումներ են:
Հայ Դատի խորհրդաժողովին զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ Հայ Դատի տարեկան ճաշկերոյթը: Ճաշկերոյթի տոմսին սակը 200 տոլար է, իսկ երօրեայ խորհրդաժողովին մասնակցութեան սակը 150 տոլար է, ներառեալ՝ ընկերային կարգ մը հաւաքներու մասնակցութիւն: Ուսանողներու յատուկ զեղչեր տրամադրելի են, իսկ զոյգ ձեռնարկներու մասնակցութեան սակը 300 տոլար է:
Խորհրդաժողովին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.anca.org/ancgrassroots կայքէջը: