ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Գաղտնիք չէ, որ ժողովրդավարութեան ճամբան ալ փշոտ է ու քարոտ։
Մինչեւ որ ժողովուրդ մը կարենայ իրապէ՛ս տէր կանգնիլ սեփական երկրի ու պետականութեան կառավարումը իր անկաշկանդ քուէով ձեւաւորելու եւ յառաջ մղելու իրաւունքին, վստահաբար շատ դժուարութիւններ եւ խութեր պիտի դիմագրաւէ, երբեմն նաեւ պիտի իյնայ ու ծունկը կամ/եւ քիթը պիտի արիւնէ։
Այդ ճամբէն անցած են, առանց բացառութեան, աշխարհի բոլոր ազգերն ու ժողովուրդները։
Աւելի՛ն. ժողովրդավարութեան ճամբան լրիւ վտանգազերծած չեն նոյնիսկ այն երկիրներն ու պետութիւնները, որոնք երկար վազքի վրայ յաջողած են ժողովրդավարական մշակոյթ նուաճել ու զարգացնել՝ քաղաքացիական իր պարտաւորութեանց թէ իրաւունքներուն ամենայն նախանձախնդրութեամբ տէր կանգնող հասարակութիւն կազմաւորելով։
Հետեւաբար, դժուար է գտնել հիմնաւոր տուեալներ՝ ենթադրելու կամ պնդելու համար, որ հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը ժողովրդավարացման ընդհանուր օրինաչափութենէն բացառութիւն կազմելու պատճառներ ունին։
Ընդհակառակն՝ ոչ միայն խորհրդային ամբողջատիրութենէն ժառանգուած կեղտաջուրերուն հետեւանքով, այլեւ հայ մարդու ազգային հոգեխառնութեան մէջ արմատաւորուած կեդրոնախոյս եւ մորթապաշտ արատներուն բերմամբ, Հայաստանն ու հայութիւնը յաւելեալ պատճառներ ունին դժուարութեամբ յառաջանալու ժողովրդավարացման ուղիին վրայ։
Չքմեղանք փնտռելու կամ գտնելու տրամաբանութենէն չեն թելադրուիր այս մատնանշումները։ Պարզապէս կը ծառայեն առարկայական գնահատումը կատարելու այն խարխափումներուն, որոնց պարբերաբար ականատես կը դառնանք ազգովին՝ պետական մեր տունը ղեկավարելու կոչուած քաղաքական գործիչներու վարքագծին հետեւելով։
Այս պարագային խօսքը կը վերաբերի այն դեդեւումներուն, որոնք կը դժուարացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կառավարումը – բազմակուսակցական դրութեան լիարժէք կիրարկումով ու համապատասխան մրցապայքարի զարգացումով – ժողովրդավարացնելու ինքնին դանդաղաշարժ սայլին յառաջխաղացքը։
Մեր ժողովուրդին համբերատարութիւնը առասպելական է ու այս մարզին մէջ եւս ազգովին տրամադրութիւն ցոյց կու տանք ժամանակ ընձեռելու Հայաստանի ներ–քաղաքական դաշտը գրաւած ուժերուն, որպէսզի ի վերջոյ կարենան յաղթահարել ինքնակեդրոն ու մենակալ իշխանապետութեամբ մեր կեանքը կառավարելու իրենց ամբողջատիրական փորձութիւնը։
Անշուշտ նկատելի են այդ ուղղութեամբ դրական քայլեր, որքան ալ ձեւական բնոյթ կրեն անոնք։ Փաստօրէն բազմակուսակցական ընտրապայքարի խաղականոնները սկսած են յարգուիլ։ Ոչ միայն խորհրդարանական, այլեւ նախագահական ընտրութեանց պարագային ճիգ կը թափուի՝ գոնէ յաչս արտաքին ուժերուն ցոյց տալու, որ իշխանութեան մէջ թէ դուրս գտնուող ուժերը սկսած են կուսակցական ընտրացուցակով ու ծրագրով թեկնածու եւ թեկնածուներ առաջադրել ու պաշտպանել։
Այսուհանդերձ՝ առկայ կուսակցութիւնները, իբրեւ ժողովրդավարական համակարգի մէջ գործող եւ գաղափարական ուղղութիւն ու ընտրանք ներկայացնող քաղաքական կազմակերպութիւններ, մեծ մասամբ դեռ լիարժէք կայացած չեն։ Բացառութիւն կը կազմեն մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ կենսագրութիւն ունեցող կուսակցութիւնները։ Մեծամասնութեամբ՝ վերջին քսանամեակին յայտնուած կուսակցութիւնները տակաւին տուրք կը վճարեն քաղաքական այս կամ այն գործիչին անձնական հեղինակութեան վրայ չափուած–ձեւուած ըլլալու մտայնութեան, որ ոչ մէկ կապ ունի իշխանութիւնը ժողովուրդէն ստանալու եւ ժողովուրդին միջոցաւ ի սպաս ժողովուրդին իրագործելու ժողովրդավարական մշակոյթին հետ։
Ահա այս պայմաններուն մէջ աւելի քան հեգնական՝ ուղղակի՛ ողբերգակատակերգական է տեսնել Հայաստանի վարչապետը, որ մօտալուտ խորհրդարանական ընտրութեանց առ ի պատրաստութիւն կը յայտարարէ, թէ իշխող Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան չմիացող կամ անոր ընտրական «անխուսափելի» յաղթանակը արգելակել փորձող ուժերը կրնան յայտնուիլ եղեր… «կոտրած տաշտակ»ի առջեւ։
Իսկական «երանելի» կերպար վարչապետի։
Թերեւս վարչապետ Տիգրան Սարգսեան չի լսեր կամ չ՛ուզեր լսել, թէ ժողովուրդը ի՞նչ կ՛ըսէ իր կառավարման ու կառավարութեան մասին։ Բայց վստահաբար գիտէ, նոյնիսկ եթէ չ՛ուզեր խոստովանիլ, թէ առանց Սերժ Սարգսեանի նախագահական դիրքին ու սահմանադրական լծակներուն՝ ո՛չ Հանրապետական կուսակցութիւն գոյութիւն ունի իբրեւ կառավարող ուժ, ոչ ալ ինք կրնայ յաւակնիլ ունենալու, դոյզն չափով իսկ, ժողովրդային վստահութեան ու քուէի խարիսխ, որպէսզի կարենայ նմանօրինակ յայտարարութիւն կատարել։
Այսուհանդերձ՝ «երանելի» լրջութեամբ մը կը կատարէ այսպիսի յայտարարութիւն։
Այդ պատճառով ալ, բնականաբար, ի վիճակի չէ պարզ ու յստակ ըսելու, թէ որոնց ուղղուած է իր յայտարարութիւնը։ Միայն արտախորհրդարանական ընդդիմադրութեան Հայ Ազգային Կոնգրե՞սը ի մտի ունի, թէ՞ նոյնիսկ խորհրդարանական ընդդիմադրութենէն ալ անդին անցնելով՝ կառավարող համախմբումի երկրորդ կարեւոր խմբակցութեան ղեկավարին հասցէագրուած է իր զգուշացումը։
Աւելի՛ն. սոսկ զգուշացո՞ւմի կը միտի վարչապետին յայտարարութիւնը, թէ՞ իր մէջ կը պարունակէ միաժամանակ ազդարարութիւն եւ սպառնալիք։
Խորքին մէջ տարբերութիւն չ՛ըներ եւ կարեւոր ալ չէ, որովհետեւ կարելի չէ այդքան լուրջի առնել կատարուած յայտարարութիւնը։
Ինչպէս որ քաղաքագէտ–վերլուծաբան Մանուէլ Սարգսեան դիտել տուաւ վարչապետի յայտարարութեան առիթով՝ «Թւում է, թէ նա այն պաշտօնեան է, որն ամենաքիչը պէտք է խառնուի ներ–քաղաքական խնդիրներին: Սակայն մեզ մօտ ուրիշ կերպ է ամէն ինչ կազմակերպուած. իշխանութիւնը յանձնարարել է վարչապետին, վարչապետն էլ ասել: Յանձնարարէին ուրիշին, ուրիշը կ՛անէր:
«Նրա խօսքով՝ Հայաստանում բոլոր կուսակցութիւններն էլ վաղուց որդեգրել են մի քաղաքականութիւն՝ գործարքի մէջ մտնել իշխող կուսակցութեան հետ: Արդէն պարզ է դառնում, որ ե՛ւ վարչապետի, ե՛ւ միւսների յայտարարութիւնները հէնց դա են վկայում՝ մեզ հետ չլինէք, կը լինի կոտրած տաշտակ: Իշխող կուսակցութիւնն ասում է՝ մենք ենք, մենք էլ լինելու ենք. մեզանից ուժեղ ուժ չկայ Հայաստանում: Կը լինէք մեզ հետ՝ կ՛ունենաք ամէն ինչ, մեզ հետ չէք լինի՝ կոտրած տաշտակ կ՛ունենաք։
«… Վարչապետի խօսքը ոչ թէ կոնկրետ ուժի, այլ ամբողջ հասարակութեանն էր ուղղուած: Դժուար թէ մէկ ուրիշ երկրում նման արտայայտութիւն թոյլ տուող վարչապետին թողնէին այդ պաշտօնում: Բայց մեզ մօտ դա նորմա է դարձել: Մենք փորձում ենք քննարկել՝ է՞ս տղային է ասել, թէ՞ էն տղային: Ի՜նչ նշանակութիւն, թէ ո՛ւմ է ասել: Ամբողջ հասարակութեանն է ասել»…
Դժբախտաբար հարցը կը վերաբերի նոյնինքն Ազգի ու Հայրենիքի պետական տան կառավարման այնքան կենսական ժողովրդավարացումին, իսկ այս տեսակ «երանելի» սուր ճօճողներով՝ խորապէս կը մթագնի հորիզոնը արդար ընտրութիւններու կայացման սպասող մեր ժողովուրդին համար։