Նիւ ԵՈՐՔ.- Նիւ Եորքի մէջ բարեգործական համերգ մը պիտի տայ հայ երաժիշտ Արդօ Թունջպոյաճեանը եւ թրքական «Քարտեշ Թիւրքիւլեր» երգչախումբը: Համերգի յատուկ հիւրը պիտի ըլլայ հայ անուանի ուտ նուագող Արա Տինքճեան: Այս մասին Report.am-ին տեղեկացուցած է Արդօ Թունջպոյաճեանի ղեկավարած «Armenian Navy Band» խումբի տնօրէն, «D. Stova Music»ի ղեկավար Արտակ Գէորaգեանը:
Համերգի վաճառուած տոմսերուն ամբողջ հասոյթը պիտի փոխանցուի Հոկտեմբեր 23ին, Վանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն տուժածներուն: